Ուտելիքներ Որ Կարելի Չէ Սառեցնել
Որոշ պարագաներու սառեցուած սնունդը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր սկզբնական կառուցուածքը, այլեւ կրնայ վնասակար ըլլալ առողջութեան համար: Նման կարծիք յայտնած է «թերափիսթ եւ կասթրոէնթերոլոճիսթ» Սերկէյ Լոփաթին զրոյցի մը ընթացքին։ Սառեցուած հատապտուղներու, միրգերու եւ բանջարեղէնի օգուտներն ու վնասները բժշկական հանրութեան մէջ հակասութիւններ կը յառաջացնեն։ Մէկ կողմէ, նոյնիսկ ցած ջերմաստիճանի պարագային, պտուղները կը պահպանեն օգտակար նիւթերու մեծ…