Ուտելիքի Հոտը Կ՛օգնէ Յիշողութեան Վերականգնման

Ոտելիքի հոտերը յիշողութիւններ կ՛արթնցնեն եւ կրնան օգտագործուիլ Ալզհայմըրի հիւանդութեան բուժման համար, բացայայտած են Լանքասթըրի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց յօդուածը հրապարակուած է Human Computer Interaction ամսագրին մէջ։ Գիտնականները իրենց հետազօտութեան մէջ ներառած են 12 տարեց մարդոց, որոնցմէ հաւաքած են յիշողութիւններ, եւ որոնց կէսը կապուած եղած է ուտելիքի հետ։ Անոնցմէ մէկը յիշած է տապկուած «թիւնիք»ը հարսանիքի տօնակատարութեան օրը,…

«Միանանք Յանուն Ձեռքերու Համամարդկային Առողջաբանութեան»

Առողջաբանութեան համաշխարհային խորհուրդը (Global Hygiene Council, GHC) Հոկտեմբեր 15-ին, «Ձեռքերը լուալու համաշխարհային օր»ը, կոչ ուղղած է ներդրումներ կատարել՝ ձեռքերու լուացման կրթութեան մէջ՝ ձեռքերու համընդհանուր առողջաբանութիւնը ապահովելու, հիւանդութիւնները կանխելու եւ կեանքեր փրկելու համար: 2022ի կարգախօսն է․ «Միանանք յանուն ձեռքերու համընդհանուր առողջաբանութեան»: Ձեռքերը օճառով լուալը վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու կարեւորագոյն միջոցներէն մէկն է։ Այս միջոցը տնտեսական առումով…