Քորոնա Ժահրը Փոփոխութեան Կ՛ենթարկէ Աղիքներու «Մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքը
Քորոնաժահրով վարակուիլը կը յանգեցնէ բացասական փոփոխութիւններու աղիքներու «մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքին եւ տեսակային բազմազանութեան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ այլ վարակներու, այդ շարքին, «սեփսիս»ի հանդէպ խոցելիութեան բարձրացման։ Ամերիկացի բժիշկներու յօդուածը այս մասին հրապարակուած է Nature Communications ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է Նիւ Եորքի համալսարանի (NYU) մամուլի ծառայութիւնը։ «Մեր փորձերուն արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ քորոնաժահրը ուղիղ ձեւով…