Մարդոց Մօտ Կ՛այլասերի Արական Սեռական Քրոմոզոմը
Մարդոց եւ շատ կաթնասուններու մօտ սկսած է այլասերիլ Y արական սեռական քրոմոզոմը: Մարդիկ կրնան գոյատեւել առանց ատոր, կը յայտնեն Թոքիոյի Սեթակայա-քուի փոքրիկներու առողջութեան եւ զարգացման ազգային հետազօտական հիմնարկի գիտնականները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS ամսագրին մէջ: Կաթնասուններու մեծ մասը ունի երկու սեռական քրոմոզոմ ՝ X եւ Y: Էգերը կը կրեն XX հաւաքածօն, իսկ արուները՝ XY:…