Օրկանիզմը Կ՛արձագանգէ Մեծ Քանակութեամբ Ածխաջուրեր Օգտագործելուն

Շատ մարդիկ չեն նկատեր, որ մանաւանդ տօնական օրերուն որքա՜ն շատ ածխաջուրեր (carbohaydrates) կ՛օգտագործեն։ Առօրեայ կեանքին մէջ գրեթէ անկարելի է խուսափիլ ածխաջուրերէն: Ատոնք կարեւոր են, որովհետեւ տեսակ մը «վառելիք» են ուղեղին համար։ Ածխաջուրերը օրկանիզմին կ՛ապահովեն «էնըրճի», եւ մենք ատոր կարիքը ունինք՝ ամբողջ օրուան ընթացքին՝ արդիւնաւէտ եւ կեդրոնացած մնալու համար: Այնուամենայնիւ, ածխաջուրերու չարաշահումը, յատկապէս արագ մարսուող, կրնայ…