Ոսկեգոյն «Սթաֆիլոքոք»ը Կրնայ Օգնել SARS-CoV-2ի Վերարտադրման
Ոսկեգոյն «սթաֆիլոքոքըս Օրիըս»ը տարրալուծարանային պայմաններու մէջ կը նպաստէ SARS-CoV-2 ժահրի բազմացման, յայտնած են Արեւմտեան Օնթարիոյի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութիւնը հրապարակուած է iScience ամսագրին մէջ։ Ոսկեգոյն «սթաֆիլոքոք»ը յաճախ տարբեր շնչառական հիւանդութիւններու ժամանակ կը դառնայ երկրորդական «պաքթիրիըլ» վարակի պատճառ։ Աւելի կանուխ կատարուած հետազօտութիւններու մէջ ցոյց տրուած է, որ մանրէները եւ ժահրերը կրնան փոխգործակցիլ «մոլեքիւլըր» մակարդակի վրայ՝ նպաստելով զիրար…