Ձմրան Մեծերու Քունի Տեւողութիւնը Կը Բարձրանայ
Մեծերու քունի տեւողութիւնը ձմրան կէս ժամով կը բարձրանայ, յայտնած են Պերլինի Չարիթէ քլինիքի գիտնականները: Աշխատանքի արդիւնքները հրապարակուած են Frontiers in Neuroscience ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ուսումնասիրած են «փոլիսոմնոկրաֆի»ի ենթարկուած 292 մասնակիցներու տուեալները՝ ուսումնասիրութիւն մը, ուր մասնակիցներէն խնդրած են քնանալ սովորական եղանակով, առանց զարթուցիչի: Այս մեթոտը հետեւած է քունի որակին, տեսակին եւ տեւողութեան: Բոլոր մասնակիցներուն հետեւած են…