Փրոպայոթիքները Կը Բարելաւեն Նախատիապեթ ունեցողներու Կլիւքոզի եւ Լիփիտներու փրոֆայլը
«Փրոպայոթիք»ները կրնան օգնել բարելաւելու նախատիապեթ ունեցող հիւանդներու «կլիւքոզ»ի եւ «լիփիտ»ներու փրոֆայլը։ Այս մասին նշուած է այն հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Diabetology & Metabolic Syndrome Journal ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է Medical Dialogue պարբերականը: Նախատիապեթը այն վիճակն է, որ կը բնութագրուի արեան մէջ «կլիւքոզ»ի բարձր մակարդակով, ինչ որ կրնայ յանգեցնել 2-րդ տեսակի տիապեթի յառաջացման։ Իսկ այս…