Անդրմանիշակագոյն լոյսով օդը մաքրելու նոր մեթոտը կրնայ աշխարհը պաշտպանել նոր համաճարակէ

Օդի ախտահանման նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ կանխել այլ համաճարակ մը, կը յայտնէ Քլինիքըլ մանրէաբանութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու եւրոպական միութիւնը: Անդրմանիշակագոյն լոյսի հակապաքթիրըլ եւ հակաժահրային աշխուժութիւնը յայտնի է 1940ական թուականներէն: Անիկա մեծածաւալ կ՛օգտագործուի հիւանդանոցներու մէջ, սակայն ախտահանումը կը կիրառուի միայն այն պարագային, երբ սենեակին մէջ մարդ չկայ. անդրմանիշակագոյն ճառագայթումը վտանգաւոր է աչքերուն եւ մորթին համար։ Սենեակներու ախտահանման…

Գիտնականներ կը բացայայտեն «ֆասթֆուտի գրաւչութեան» գաղտնիքը

Աւստրիացի գիտնականներ բացայայտած են, թէ ինչո՞ւ մարդիկ հակում ունին չափէն աւելի վնասակար սնունդ ստանալու: Ի յայտ եկած է, որ որքան մեծ ըլլայ «ֆասթֆուտ»ի չափաբաժինը, այնքան աւելի համեղ կը թուի ըլլալ սպառողին համար։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Appetite» գիտական ​​ամսագրին մէջ։ «Համատարած համոզում է, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ առողջապահական սնունդը չի կրնար համեղ ըլլալ, ինչ որ…