Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ կը տարածուի արիւնահոսութիւն յառաջացնող մահացու ժահր

Մահացու ժահրը, որ կրնայ կենդանիներէն փոխանցուիլ մարդոց, արդէն իսկ տարածուած է Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ։ Նոր հետազօտութեան համաձայն՝ ահաւոր ժահրը կրնայ կրծողներէն փոխանցուիլ մարդոց եւ յառաջացնել արիւնահոսութիւն, էպոլայի «հեմոռաճիք» տենդը յիշեցնող ախտանշաններով։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Emerging Infectious Diseases» ամսագրին մէջ։ Շէկ դաշտամուկերը Շուէտի մէջ, որոնք յարուցիչի փոխանցողներն են, արդէն վարակած են երկու մարդ, որու հետեւանքով…

Աֆէյզիա. լեզուական խանգարում, որ կ՛ազդէ բոլոր տարիքի մարդոց վրայ եւ կը տկարացնէ հաղորդակցութիւնը

«Աֆէյզիա«ն լեզուական խանգարում մըն է, որ կ՛ազդէ հաղորդակցութեան վրայ: Անիկա կը պատահի ուղեղին այն բաժնի վնասուածքին պատճառով, որ կը վերահսկէ արտայայտութիւնը եւ հասկնալու կարողութիւնը: Աֆէյզիան չ՛արտօներ, որ անձը արդիւնաւէտ ձեւով հաղորդակցի ուրիշներու հետ: Այս խանգարումը ունեցող անձ մը դժուարութիւն կ՛ունենայ հասկնալու, խօսելու, կարդալու, կամ գրելու: Որո՞նք են աֆէյզիայի տեսակները Շատ մարդիկ աֆէյզիա կ՛ունենան կաթուածէ մը…