Ալզհայմըրզ հիւանդութիւն. յառաջընթաց, ընդհանրութիւն, նախազգուշական նշաններ

Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը ուղեղի խանգարում մըն է, որ կը բնորոշուի ուղեղային փոփոխութիւններով՝ առաջնորդելով որոշ սպիտակուցներու կուտակումին: Այս հիւանդութիւնը կը վատթարանայ ժամանակի ընթացքին: Անիկա պատճառ կը դառնայ, որ ուղեղը կծկուի ու փոքրանայ եւ բջիջները ի վերջոյ մեռնին: Ալզհայմըրզ հիւանդութիւնը «տըմենշիա»ի ամենէն սովորական պատճառն է, որ կը յանգեցնէ յիշողութեան, մտածողութեան, վարքի եւ ընկերային հմտութիւններու անկումին: Այս փոփոխութիւնները կ՛ազդեն…

Տաջուածքները կրնան բարձրացնել լիմֆոմայի վտանգը

Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ տաջուածքները կրնան լուրջ սպառնալիք դառնալ առողջութեան վրայ: Այս ոլորտին մէջ հետազօտութիւններու բացակայութեան պատճառով, Շուէտի Լունտ Համալսարանը որոշած է ուսումնասիրել տաջուածքներու երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Քրիսթել Նիլսըն, որ գլխաւորած է այս հետազօտութիւնը, յայտնած է, որ իրենք ուսումնասիրած են 11,905 հոգինոց մեծ խումբ մը, որպէսզի յայտնաբերեն կապը տաջուածքներուն եւ լիմֆոմայի…