Նախաճաշ չընելը կը կապուի փոքրիկներու կեանքէն բաւարարուածութեան նուազեցման հետ
Մեծն Բրիտանիոյ Anglia Ruskin University (ARU) եւ Մեքսիքայի Universidad de las Américas համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ նախաճաշ չընելը կրնայ յանգեցնել 10-17 տարեկան փոքրիկներու եւ դեռահասներու կեանքի բաւարարուածութեան նուազումին: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMC Nutrition journalին մէջ: Հետազօտութեան մասնակցած են 10-էն 17 տարեկան աւելի քան 150 հազար փոքրիկներ եւ դեռահասներ 42 տարբեր երկիրներէ։ Գիտնականները փորձարկուողներէն…