Մեծն Բրիտանիան կը մեկնարկէ շագանակագեղձի քաղցկեղի բուժման նորարարական փորձարկում

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ մեկնարկուած է £42 միլիոն արժողութեամբ Transform «սքրինինկ»ային փորձարկումը, որուն նպատակն է յեղաշրջել շագանակագեղձի քաղցկեղի բուժման ձեւը, յայտնած է The Guardian-ը։ Սկզբնական հանգրուանին, որ կը սկսի քանի մը ամիսէն, պիտի ներգրաւուին հազարաւոր տղամարդիկ։ Կազմակերպիչներուն համաձայն, հաւանական է, որ հարիւր հազարաւոր կամաւորներ հաւաքագրուին յառաջիկայ տարիներուն ծրագրի իրագործման զուգընթաց: «Transform-ի նպատակը յստակ է»,- ըսած է…

Գիտնականներ արեան անալիզով կը գնահատեն հիւանդութիւններու վտանգը եւ մահացութիւնը

Գիտական ​​խումբի մը նոր ուսումնասիրութիւնը կարելիութիւն կը ստեղծէ արեան վերլուծութեամբ մարդու կենսաբանական տարիքը ստուգելու նոր մեթոտ մշակելու։ Այս միջոցը նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ ախտորոշելու տարիքի հետ կապուած 18 ամենէն ընդհանրացած հիւանդութիւններու եւ վաղաժամ մահուան վտանգները, գրած է planet-today-ը։ Հետազօտողները վերլուծած են մասնակիցներու արեան աւելի քան 200 սպիտակուցներ, ինչպէս նաեւ ստեղծած են «թուային մոտել» մը, որ…