Փոքրիկներու քմահաճութիւնը ուտելիքի նկատմամբ ժառանգական է

Փոքրիկին համոզելու փորձերը, որ չի փափաքած կերակուրը ուտէ, կրնայ ապարդիւն ըլլալ, ինչ որ յաճախ կը յանգեցնէ լացուկոծի եւ «հիսթերիա»ի: Շատ ծնողներ ապրած են այս փորձառութիւնը: Նոր հետազօտութիւնը, որ իրագործած են Լոնտոնի Համալսարանական քոլէճի, Քինկզ քոլէճի եւ Լիտցի համալսարանի գիտնականները, ցոյց տուած է, որ փոքրիկներու սնունդի հետ կապուած քմահաճութիւնը «զգալիօրէն ժառանգական է»։ Այլ գործօններ, ինչպէս՝ ուտելիքներու…

Գոհունակութիւնը կը նուազեցնէ սրտի տագնապի եւ կաթուածի վտանգը

Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ գոհունակ մարդիկ աւելի նուազ հակում ունին սրտի տագնապ կամ կաթուած ունենալու: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of the American Heart Association-ին մէջ: «Մեր բացայայտումները կը հաստատեն առողջապահական խնամքի ամբողջական մօտեցումը, ուր մարդու մտաւոր եւ հոգեկան բարեկեցութեան բարելաւումը սրտի հիւանդութիւններու եւ ուղեղի կաթուածի կանխարգիլման անբաժանելի մասը կը նկատուի»,- յայտնած…