Համաշխարհային դաշտանադադարի ամիս Հոկտեմբերին. աջակցութիւն կիներու առողջութեան

Համաշխարհային դաշտանադադարի ամիսը կը նշուի ամէն տարի Հոկտեմբերին: Իրազեկման այս օրը կը նպատակադրէ ուշադրութիւնը հրաւիրել կիներու կեանքի բնական «սայքըլ»-ին վրայ եւ բաժնեկից դառնալ կրթական տեղեկատւութեան, որ կրնայ օգնել այդ հանգրուանի սահուն անցումին: «Մենոփոզ»-ը պարզապէս կը վերաբերի կնոջ մը կեանքի այն ժամանակահատուածին, երբ ան կը դադրի դաշտանէն։ Անիկա տարբեր ձեւով կ՛ազդէ իւրաքանչիւր կնոջ պարագային․ ընդհանուր առումով…

Կապոյտ հազի դէպքերը աճ կ՛արձանագրեն Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ

2024-ին աշխարհի շատ երկիրներու մէջ դարձեալ բռնկած է կապոյտ հազի համաճարակը․ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ արձանագրուած է աւելի քան 18,500 պարագայ, տեղեկացուցած է Euronews-ը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ներկայիս հիւանդութեան դէպքերու թիւը հինգ անգամ աւելի բարձր է, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, որ ամենէն բարձր…