«Էքրան»ներու առջեւ փոքրիկներու անցուցած ժամանակը սահմանափակելու անհրաժեշտութիւն
Մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ առողջ մեծնալու գրաւականն է քիչ նստիլը եւ շատ շարժիլը, մինչդեռ վերջին շրջանին ճիշդ հակառակը կը նկատուի․ փոքրիկները օրուան մեծ մասը «էքրան»ներու դիմաց են, ինչ որ ուղիղ հարուած է անոնց առողջութեան՝ ընդհուպ հոգեկան: Անոնք կը յայտնեն, թէ փոքրիկներու՝ «էքրան»ներու առջեւ ժամանակ անցընելու վտանգները բազմաթիւ են եւ ատոնց շարքին են՝ հոգեկան առողջութեան խնդիրները,…