Պաշտպանեցէ՛ք ձեր սիրտը. ալքոլ օգտագործելէն ետք ջուր խմեցէք
Ամանորեայ տօներու ժամանակ ալքոլի չարաշահումը կրնայ յանգեցնել սրտամկանի ռիթմի խանգարումներու, որոնք յայտնի են որպէս «տօնական սրտի համախտանիշ»։ Ատկէ խուսափելու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ալքոլը եւ օգտագործումէն ոտք ջուր խմել։ Այս մասին The Conversation-ին յայտնած են Աւստրալիոյ Ուոլոնկոնկի համալսարանի գիտնականները։ Մասնագէտները նշած են, որ տօնական հաւաքոյթներու ժամանակ շատ մարդիկ կրնան արագ կամ անկանոն սրտի զարկ, կրծքավանդակի…