Ինչպէ՞ս կրնայ Քիթօ սննդականոնը պաշտպանել ժահրային վարակներէն

Հելսինքիի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են անսպասելի կապ «կրիփ»-ի ժահրի հանդէպ օրկանիզմի դիմադրողականութեան եւ սահմանափակ ածխաջուրով եւ բարձր ճարպային պարունակութեամբ սննդականոնի միջեւ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Scandinavian Journal of Public Health (SJPH) ամսագրին մէջ։ «Քիթոճենային» սննդականոնը, որ առաջնահերթութիւնը կու տայ ճարպերու գերակշռութեան, արդէն աւելի քան 100 տարիէ կ՛օգտագործուի ջղային դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու բուժման համար։ Սպիտակուցներու,…

Մասնագէտներ կը քննարկեն ձմեռնային ժահրերէն պաշտպանուելու ձեւերը

Եւրոպական երկիրներու մէջ աշխուժօրէն սկսած են տարածուիլ ձմեռնային ժահրերը։ Առողջապահութեան համակարգերը, ինչպէս կ՛ըսեն բժշկական հաստատութիւններու մէջ, կը հանդիպին հիւանդութիւններու «եռակի սպառնալիքին», տեղեկացուցած է Euronews-ը։ «Ձմեռնային ժահրերու ազդեցութիւնը առողջութեան, ընկերային ոլորտին եւ տնտեսութեան վրայ հսկայական է», – Euronews Health-ին յայտնած է Ժընեւի համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան հիմնարկի տնօրէն Անթուան ​​Ֆլահոլդը: «Այս վարակներու լուրջ ձեւերը, նոյնիսկ հազուադէպ վարակները, հաշուի…