Թէ՛ բարձրաձայն եւ թէ՛ լուռ ընթերցանութիւնը կ՛աշխուժացնէ ուղեղին տարբեր մասերը

Մաքս Փլանքի անուան ճանաչողական ունակութիւններու եւ գլխուղեղային գիտութիւններու հիմնարկի գիտնականները յայտնաբերած են, որ բարձրաձայն եւ լուռ ընթերցանութիւնները կը ներգրաւեն ուղեղի տարբեր հատուածներ, որոնք կ՛առնչուին շարժումի, լսողութեան եւ տեղեկութիւններու մշակման։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Neuroscience & Biobehavioral Reviews (NBR) բժշկագիտական հանդէսին մէջ։ Գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 150 հետազօտութիւններու տուեալներ, որոնց մասնակիցները կարդացած են տառեր, բառեր, սխալ…

Ծինային խմբագրման նոր մեթոտը կ՛օգնէ դինադրողական համակարգին պայքարելու ստամոքս-աղիքային համակարգի քաղցկեղի դէմ

Մինեսոթայի համալսարանէն հետազօտողներ աւարտած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման մեթոտի առաջին մարդկային «քլինիքական» փորձարկումը, որ կրնայ օգնել դիմադրողական համակարգին պայքարելու ստամոքս-աղիքային համակարգի քաղցկեղի ընդհանրացած ձեւերու դէմ։ Վերջերս The Lancet Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած արդիւնքները խոստմնալից նշաններ ցոյց կու տան բուժման անվտանգութեան եւ հաւանական արդիւնաւէտութեան մասին։ Ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները օգտագործած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման արհեստագիտութիւնը՝ ուռուցք ներթափանցող…