Ամբողջ աշխարհի մէջ կաթուածէն մահերու թիւը տարեկան հաշուարկումով մինչեւ 2030 թուական կրնայ բարձրանալ՝ հասնելով 5 միլիոնի։ Այս մասին տեղեկացուցած է Նեարդաբանութեան ամերիկեան ակադեմիան։
Հետազօտողները ուսումնասիրած են «Առողջութեան մասին տուեալներու համաշխարհային փոխանակման» 1990-2019 թուականներու տուեալները։ Աշխարհի բնակչութեան աճին զուգահեռ՝ «իշեմիք» կաթուածէն մահերու համաշխարհային թիւը աւելցած է՝ 1990 թուականին 2,04 միլիոնէն 2019 թուականին հասնելով 3,29 միլիոնի։ Սակայն կաթուածներու յաճախականութիւնը նուազած է՝ 1990 թուականին 100 000 մարդու հաշուարկով 66-էն 2019 թուականին հասնելով 44 կաթուածի։
«Կաթուածներու յաճախականութեան այս նուազումը, հաւանաբար, կը նշանակէ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կաթուածներու թիւի ընդհանուր բարձրացումը հիմնականին մէջ կապուած է բնակչութեան ծերացման աճին հետ»,- ըսած է Շանկհայի Թօնկզի համալսարանի հետազօտութեան հեղինակներէն մէկը՝ Լիզէ Սիուն։
Գիտնականները նշած են վտանգի եօթ հիմնական գործօն՝ ծխելը, աղի բարձր պարունակութեամբ սնունդը, արեան բարձր ճնշումը, քոլեսթերոլի բարձր մակարդակը, երիկամներու գործունէութեան խախտումը, արեան մէջ շաքարի բարձր պարունակութիւնը եւ մարմնի զանգուածի բարձր «ինտեքս»ը։
Այնուհետեւ, հետազօտողները կատարած են տուեալներու արտածում՝ 2020-2030 թուականներուն մահերու քանակը կանխորոշելու համար։ Ըստ կանխատեսումներու՝ «իշեմիք» կաթուածը կը յանգեցնէ 4,9 միլիոն մահուան 2030 թուականին։ Այս գնահատականը տրուած է վտանգի գործօններու ազդեցութիւնը իջեցնելու բժիշկներու եւ կառավարութիւններու ջանքերու տուեալներով։ Իսկ եթէ այդ ջանքերը նկատի չառնուին հաշուարկներուն մէջ, մահերու թիւը կրնայ աւելնալ՝ հասնելով տարեկան 6,4 միլիոնի։