Հաւանաբար շատեր լսած են «յուզական այրում»-ի (emotional burnout) եզրոյթը: Պարզուած է, որ այս խնդիրը կրնայ յառաջանալ իւրաքանչիւր անձի մօտ:
«Յուզական այրում»-ը սովորաբար կը զարգանայ մասնագիտական գործունէութեան մէջ «քրոնիք» չյաղթահարուած «սթրես»-ի հետեւանքով, որ կրնայ ի յայտ գալ շարք մը պատճառներով՝ աշխատանքի լարուած «ռիթմ», արդիւնքներու նկատմամբ պահանջներու անորոշութիւն, աշխատանքի մէջ որոշումներ կայացնելու անկարելիութիւն, աշխատանքի «մոնօթօնութիւն», ընկերութեան արժէքներու անհամապատասխանութիւն՝ սեփական արժէքներու համակարգի հետ, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական գործունէութենէն դուրս որակեալ կեանքի բացակայութիւն:
Մեր օրերուն արագօրէն կը զարգանայ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզը, իսկ մեր ուղեղը չի հասիր հետեւելու արագութեան այդ աստիճանին: Ուրեմն, IT-ի զարգացումը «յուզական այրում»-ի պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ:
Ինչպէս կը նշէ հոգեբան Սեդա Մուսայէլեան, բացի աճող յոգնածութենէն, գրգռուածութենէն եւ մարդոց հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն, գոյութիւն ունին նաեւ «յուզական այրում»-ի ֆիզիքական ախտանշաններ՝ անքնութիւն, ախորժակի կորուստ, նոյնիսկ առողջութեան վատթարացում եւ մօտիկ ապագային, մինչեւ հիւանդութիւններու յառաջացում, որոնք կը խոչընդոտեն սովորական գործունէութեան իրագործումը:
Հոգեբանը կը նախազգուշացնէ, որ պէտք չէ շփոթել «յուզական այրում»-ը յոգնածութեան հետ: Եթէ այսօր վատ օր է, իսկ վաղը արդէն աւելի լաւ է, ուրեմն հարցը այդ չէ: Անհրաժեշտ է անհանգստանալ, եթէ զգալիօրէն կը նուազի աշխատունակութիւնը, ի յայտ կու գայ սեփական պարտականութիւններու նկատմամբ «սինիք» վերաբերում: Երբ աշխատանքը կը յառաջացնէ բացառապէս բացասական ապրումներ, յաճախակի կը դառնան ազատ ժամանակ աշխատանքի մասին միտքերը: Երբ ի յայտ կու գան նաեւ ֆիզիքական ախտանշաններ (յաճախակի յոգնածութիւն, քունի որակի եւ «ռիթմ»-ի փոփոխութիւն, ախորժակի փոփոխութիւն), ժամանակն է դիմելու որակաւորուած օգնութեան:
Մասնագէտին խօսքով՝ կարելի է «այրում» զգալ նոյնիսկ ամէնէն սիրելի աշխատանքի ժամանակ, ուստի անհրաժեշտ է զբաղիլ կանխարգիլումով այսօրուընէ սկսեալ: Անհրաժեշտ է զանազանել աշխատանքային եւ ազատ ժամանակը՝ աշխատավայրին մէջ ձգել գործը եւ ատոր մասին միտքերը. ուշադրութիւն դարձնել ֆիզիքական առողջութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային շփումներուն՝ հանդիպիլ ընկերներու հետ եւ ժամանակը որակով անցընել ընտանիքի հետ: Խնդիրներու տեւական հոսքը կառավարելը կ՛օգնէ ժամանակի ծրագրաւորումին, ինչպէս նաեւ՝ լիազօրութիւնները ուղղորդելու կարողութեան. մղուածութեան կորուստի պարագային, կ՛օգնէ մասնագիտութեան նոր հայեցակէտերու ուսումնասիրութեան, հանգիստի պակասի պարագային՝ ծրագրաւորուած արձակուրդի: Արժէքներու «քոնֆլիքթ»-ը կ՛օգնէ յաղթահարելու առկայ եւ ցանկալի աշխատանքի միջեւ տարբերութիւններու վերլուծութեան: Ծայրայեղ պարագային՝ կարելի է դիտարկել հիմնական գործունէութեան փոփոխութիւնը:
Հոգեբանը կը յանձնարարէ, որ գլխաւորը մասնագիտական օգնութենէն չխուսափիլն է. անհրաժեշտութեան պարագային, պէտք չէ ամչնալ դիմելու մասնագէտին. անոր օգնութեամբ խնդիրը աւելի դիւրին է լուծել, քան առանձին: