Քանի մը պարզ ամէնօրեայ գործողութիւններ, որոնք կ՛օգնեն ձեզ՝ պահպանելու առողջութիւնը մինչեւ խոր ծերութիւն:
Կուշտ քնանալը
Կիսատ քունը կրնայ յանգեցնել շարք մը հիւանդութիւններու, իսկ եթէ դուք քունէն կը կշտանաք, ձեր օրկանիզմը աւելի լաւ կը դիմակայէ հիւանդութիւնները։
Ջանացէք ամէն օր քնանալ եւ արթննալ նոյն ժամուն։ Քունէն առաջ, «կատճեթ»-ներու «մոնիթոր»-ներուն մի նայիք, որովհետեւ անոնց լոյսը կը վատացնէ քունի որակը։
Ջուր խմելը
Ջրազրկումը շատ վտանգաւոր է օրկանիզմի համար. ջուրի անբաւարարութեան պարագային, աղեհամակարգը կը սկսի վատ կերպով կատարել իր աշխատանքները: Նիւթափոխանակութիւնը կը դանդաղի եւ օրկանիզմին մէջ կը մնան «թոյն»-եր: Մարդը արագօրէն կշիռք կը հաւաքէ եւ ինքնազգացողութիւնը կը վատանայ։
Օրը սկսեցէք գաւաթ մը մաքուր ջուր խմելով։ Օրուան ընթացքին, փափաքելի է խմել 1,5-2 լիթր ջուր։
Կանոնաւոր սնանիլը
Ճիշդ չէ օրը միայն երկու անգամ եւ մեծ չափաբաժիններով ուտելը։ Աւելի ճիշդ է սնանիլ կանոնաւորապէս եւ փոքր չափաբաժիններով: Այդ մէկը կ՛օգնէ պահպանելու թէ՛ լաւ կառուցուածքը, թէ՛ առողջութիւնը։
Կարծիք կայ, թէ մարդու օրկանիզմը կը վարժուի ստանալ սննդամթերք եւ ջերմուժ որոշ ժամու եւ կը ձեւաւորէ սեփական կայուն «մեքանիզմ»-ներ ատոր իւրացման համար։ Այդ ձեւով կ՛անհետանայ անոր ճարպ կուտակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ապահովէ իր ռազմավարական պաշարները։
Օգտակար ուտելիքներ օգտագործելը
Վերջին տարիներուն, սնունդ ստանալու որակի մասին բազմաթիւ հետազօտութիւններ կատարուած են. ատոնք բոլորն ալ ցոյց տուած են, թէ որքան կարեւոր է ճիշդ սնունդ ստանալը՝ բացառելով սննդակարգէն վտանգաւոր ուտելիքները, որոնք «թրանսճարպեր» կը պարունակեն, ինչպես նաեւ՝ վերամշակուած ուտելիքներ, շաքարի եւ աղի աւելցուկ։ Ատոնց փոխարէն պէտք է ուտել աւելի շատ բանջարեղէններ, պտուղներ եւ անմշակ ցորենէն պատրաստուած ուտելիքներ։
Խորունկ շնչելը
Հանգիստ, խորունկ շնչառութիւնը կը կարգաւորէ սիրտի աշխատանքի եւ ճնշման ցուցանիշները, ինչպես նաեւ կարելիութիւն կու տայ սիրտին եւ ուղեղին աւելի շատ թթուածին ստանալու։
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան, արթննալէն ետք եւ քնանալէն առաջ, կատարել շնչառական վարժութիւններ՝ քանի մը վայրկեան կատարել դանդաղ եւ խոր շնչումներ եւ արտաշնչումներ։