Իտալիոյ մէջ բնակող զոյգ մը, որ միասին ապրած են 60 տարի, պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, մահացած են նոյն օրը՝ 2 ժամուան տարբերութեամբ:
82-ամեայ Սեւերա Պելոթիին եւ 86-ամեայ Լուիճի Քարարային զաւակը «Daily Mail»-ին ըսած է, որ զոյգը կը բնակէր Ալպինօ քաղաքին մէջ (Պերկամօ հիւսիսային նահանգ): Մէկ շաբաթէն աւելի, անոնք բարձր տաքութիւն ունեցած են եւ երկար ժամանակ տունը մնացած: Այնուհետեւ, տարեց զոյգին տեղափոխած են հիւանդանոց, ուր ամուսինները մահացած են Մարտ 10-ին, կինը՝ 9:15-ին, իսկ ամուսինը՝ 11:00-ին: Անոնց զաւակը Լուքան՝ Քարանթինի պատճառով չէ կրցած ծնողներուն տեսնել մահանալէն առաջ:
«Հարազատներդ առանձին կը մնան, եւ դուն նոյնիսկ չես կրնար հրաժեշտ տալ, գրկել անոնց եւ փորձել մխիթարել»,- ըսած է ան:
Լուքան հիմա՝ իր կնոջ եւ 2 փոքրիկներուն հետ քարանթինի մէջ է: