Bosch ընկերութիւնը «քորոնա» ժահրի նոր քննութիւն պատրաստած է, որուն արդիւնքները պատրաստ կ՛ըլլան 2.5 ժամուան ընթացքին: Այս պարագային, քսուկը տարրալուծարան տանելու պէտք չըլլար, իսկ նոր քննութեան ճշգրտութիւնը 95 առ հարիւր է:
Քսուկը կը դրուի յատուկ «քարթրիճ»-ի մէջ, որ կը տեղադրուի Vivalytic սարքի մէջ. անիկա ինքնորոյն «քորոնա» ժահրի յայտնաբերումի քննութիւն կը կատարէ, աւելի ճիշդ, քննութեան կ՛ենթարկէ «քորոնա» ժահրին հետ կապուած «պայոմարքերու» ճիները: Քննութեան արդիւնքները կը տրուին ելեկտրոնային ձեւով:
Քննութեան համար, ոչ բժշկական անձնակազմ, ոչ տարրալուծարանի աշխատողներ անհրաժեշտ են: «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման սովորական տարրալուծարանային քննութիւնը կրնայ տեւել մինչեւ 48 ժամ, հիմնականին մէջ` մարդկային գործօնի պատճառով: Իսկ նոր քննութիւնը, ինչպէս կ՛ընդգծեն պատրաստողները, կրնայ վերլուծել օրական 10 քննութիւն, եւ 100 սարքերէ բաղկացած իւրաքանչիւր բաժին կրնայ 1000 քննութիւն կատարել:
Աւելին, նոր ստեղծագործութիւնը յաջողութեամբ կը զանազանէ «քորոնա» ժահրը եւ 9 այլ շնչառական ժահրեր` այդ շարքին նաեւ «կրիփ»-ը, որ սովորաբար իր ախտանիշներով շատ նման է «քորոնա» ժահրին:
Կը սպասուի, որ այս նոր համակարգը գերմանական շուկային մէջ յայտնուի յաջորդ ամիս: