Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է աշխարհի մէջ COVID-19 համավարակով տեղի ունեցած արտակարգ դրութեան ռեժիմի աւարտի մասին։ Այս գծով Ժնեւի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Հեպրեյեսուս։
Ան յայտնած է, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու մասնագէտներու կոմիտէն առաջարկած է չեղեալ նկատել COVID-19-ի՝ միջազգային նշանակութիւն ունեցող հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ արտակարգ իրավիճակի կարգավիճակը։
«Ես հետեւեցայ այդ խորհուրդին եւ յայտարարեցի համավարակի դադրեցման մասին»,-ըսած է համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ քորոնաժահրի բռնկումը առաջին անգամ արձանագրուած էր Չինաստանի Եուհան քաղաքին մէջ 2019ի Դեկտեմբերին։ 30 Յունուար 2020ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը այդ բռնկումը յայտարարած էր միջազգային նշանակութիւն ունեցող հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ արտակարգ իրավիճակ, իսկ Մարտ 11-ին՝ համավարակ: