Արեան մեջ «սխալ» հակամարմիններու մեծ քանակը («օթօհակամարմիններ») կրնայ ծանրացնել «քորոնա» ժահրային բորբոքումի ընթացքը, կը նախազգուշացնեն Yale համալսարանի գիտնականները:
Այդպիսի հակամարմիններ թիրախ կը դարձնեն օրկանները, հիւսուածքներն ու բուն դիմադրողական համակարգը, եւ ոչ թէ կը պայքարին օրկանիզմ ներխուժած ժահրին դէմ: Այս մէկը, «քորոնա» ժահրով վարակուելու պարագային, ոչ միայն բարդութիւններ կը յառաջացնէ, այլ՝ կրնայ դառնալ հիւանդութեան աւելի երկարատեւ ընթացքի պատճառ:
Հետազօտութեան հեղինակները վերլուծած են «քորոնա» ժահրով վարակուած եւ առողջ մարդոց դիմադրողական հակազդեցութիւնները, յայտնած է «The Guardian»-ը: Վարակուածներու մօտ յայտնաբերուած են «նորմ»-էն շեղումներ արձանագրած բազմաթիւ հակամարմիններ. ատոնցմով արգելափակուած է հակաժահրային պաշտպանութիւնը եւ ոչնչացուած են դիմադրողական օգտակար բջիջները: Բացի ատկէ, այդ հակամարմինները յարձակած են օրկանիզմին վրայ՝ ներառեալ գլխուղեղը, արիւնատար անօթները եւ լեարդը:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հիւանդներու արեան մէջ որքան շատ եղած են հակամարմինները, այնքան անոնք ծանր տարած են COVID-19-ը: Յատկանշական է, որ «քորոնա» ժահրային բորբոքումով վարակուածներու մօտ յայտնաբերուած է այդպիսի հակամարմիններու աւելի մեծ քանակ, քան գայլախտով («օթօիմունային» հիւանդութիւն) մարդոց մօտ: