Պատուաստուած մարդոց պարագային, COVID-19-ն աւելի մեղմ կ՛ընթանայ, քան անոնց պարագային, որոնք չեն պատուաստուած։ Այս մասին յայտարարած են Վիտորվէ հիւանդանոցի բորբոքումի հետ կապուած հիւանդութիւններու ամպիոնի գլխաւոր բժիշկ, փրոֆեսոր Թոմաս Պենֆիլտ եւ Օրհուսի համալսարանի «իմիւնոլոճի»ի փրոֆեսոր Ռուն Հարթման:
Danmarks Radio-ի համաձայն` եթէ ամբողջապէս պատուաստուած մարդիկ այնուամենայնիւ կը վարակուին, այդ կը կոչուի «բեկումնային վարակ»: Այդ պարագային, պատուաստուածներու մօտ կրնան այնպիսի ախտանիշներ նկատուիլ, ինչպէս՝ գլխացաւ, հազ, կոկորդի ցաւ եւ փռնքտոց: Տաքութիւն եւ հոտառութեան կորուստ աւելի քիչ կը նկատուին:
Հարթման նշած է, որ, նոյնիսկ պատուաստուած մարդոց պարագային հիւանդութեան տարբեր աստիճանի ծանրութիւն կը նկատուի՝ թեթեւ «պաղարութենէն» մինչեւ մահ: Այնուամենայնիւ, ընդհանուր առումով, պատուաստուած մարդոց պարագային լուրջ բարդութիւններ աւելի նուազ հաւանական են, քան չպատուաստուածներու պարագային:
Փրոֆեսորը նշած է, որ հիւանդութեան ընթացքի արագութիւնը մեծապէս կախեալ է պատուաստէն եւ մարդու օրկանիզմի առանձնայատկութիւններէն, ինչպէս նաեւ` տարիքէն։ Անոր խօսքով` մասնագէտները նկատած են, որ 70-ը անց հիւանդներու պարագային դեղերու արդիւնաւէտութիւնը կը նուազի 6 ամիսէն ետք, եւ եթէ անոնք մէկ պատուաստ եւս ստանան, ապա քլինիքական բարելաւում կը նկատուի:
Միեւնոյն ժամանակ, ամբողջապէս պատուաստուած հիւանդները, որոնք կը վարակուին COVID-19-ով, կրնան վարակը փոխանցել ուրիշներուն, եւ հետեւաբար կարեւոր է հիւանդութեան առկայութեան քննութիւն կատարել, ըսած է Պենֆիլտ: Ան բացատրած է, որ ախտանիշներ ունեցող մարդոց քիթին եւ կոկորդին մէջ աւելի շատ ժահր կ՛ըլլայ, ինչ որ անոնց աւելի վարակիչ կը դարձնէ: