Ասիոյ մէջ արձանագրուած է COVID-19-ի նոր ալիք՝ յատկապէս Չինաստանի Հոնկ Քոնկի յատուկ վարչական շրջանին եւ Սինկափուրի մէջ, ուր վարակներու զգալի աճ նկատուած է։ Bloomberg-ը անդրադարձած է դէպքերու այս նոր ալիքին մասին։
Bloomberg-ին համաձայն՝ տարածաշրջանին մէջ վարակուողներու թիւը աճ կ՛արձանագրէ քանի մը ամիսէ՝ կանոնաւոր կերպով առաջնորդելով հիւանդութեան նոր ալիքներու։ Հոնկ Քոնկի եւ Սինկափուրի իշխանութիւնները կոչ կ՛ուղղեն հանրութեան կրկին պատուաստուելու, իսկ վտանգի խումբին մէջ եղող անձերուն կը քաջալերեն ստանալ երկրորդ դեղաչափը։
Մայիս 13-ին, Հոնկ Քոնկի Առողջապահութեան պաշտպանութեան կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Օու Ժիազհոնկը RTHK հեռատեսիլին միջոցով նախազգուշացուցած է նոր քորոնաժահրով վարակուած անձերու «բաւական բարձր մակարդակ»-ի մասին։ Ան ըսած է, որ Հոնկ Քոնկը արձանագրած է ամենէն բարձր դէպքերը անցեալ շաբաթ՝ 2024-ի ապրիլէն ի վեր: Ան աւելցուցած է, որ բժշկական օգնութեան դիմողներու եւ հիւանդանոցային բուժում ստացողներու թիւը, ինչպէս նաեւ աղտոտ ջուրերու մէջ յայտնաբերուած ժահրի մակարդակը կը շարունակէ աճ արձանագրել։
Ինչպէս կը նշէ Bloomberg-ը, Սինկափուրը՝ տարածաշրջանի մեծագոյն ֆինանսական կեդրոններէն մէկը, «զգօն վիճակի մէջ է»՝ քորոնաժահրային դէպքերու նոր ալիքին առնչութեամբ։ Մայիսին երկրին առողջապահութեան նախարարութիւնը մէկ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հրապարակած է COVID-19-ի նոր վիճակագրութիւնը։
Զեկուցումին մէջ (որ գործակալութիւնը կը նշէ, թէ կը հրապարակուի միայն «զգալի աճի» պարագային) կ՛ըսուի, թէ ապրիլ 27-էն Մայիս 3 պարագաներու թիւը աճած է 28%-ով բաղդատելով նախորդ շաբթուան հետ, մինչդեռ հիւանդանոցային բուժումները աճ արձանագրած են 30%-ով։ Իշխանութիւնները քաղաքացիներուն կը յանձնարարեն նախազգուշական միջոցներու դիմել եւ դիմակներ կրել մարդաշատ վայրերու մէջ։