COVID-19 «փայրոլայի» նոր տարբերակը աւելի վարակիչ է, կը յայտնէ «Ռոսփոթրեպնատզոր»ը։
«Քորոնաժահրի նոր տարբերակը (BA.2.86) «փայրոլա»-ն ունի շարք մը լրացուցիչ «միւթէյշըն»ներ՝ բաղդատելով նախապէս յայտնաբերուած «օմիքրոն» տարբերակներուն հետ եւ աւելի վարակիչ է քան իր նախորդները»,- կ՛ըսուի զեկուցումին մէջ:
«Ռոսփոթրեպնատզոր»ը ընդգծած է, որ նոր տարբերակը չի նկատուիր որպէս «օմիքրոնի» երկրորդ գալուստը», սակայն «օմիքրոնի» դէմ պատուաստները արդիւնաւէտ են նաեւ «փայրոլայի» դէմ։
Քորոնաժահրի նոր տարբերակը արդէն արձանագրուած է աւելի քան 10 երկիրներու մէջ, այդ շարքին՝ Շուէտի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ «Տէնմարք»ի մէջ։ Օգոստոսի վերջաւորութեան, ֆրանսական «Կրանտ Էսթ« շրջանին մէջ «փայրոլա» յայտնաբերուած է։
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Ռուսիոյ մէջ COVID-19-ով հիւանդութիւն ունեցողներու թիւը աճի մէջ է։ Սեպտեմբեր 4-էն 10 երկարող շաբթուան ընթացքին, նախորդ շաբթուան հետ բաղդատելով, ցուցանիշը աճած է 49,2%-ով։ Օգոստոս 28-էն սեպտեմբեր 3 երկարող շաբթուան ընթացքին, նախորդ շաբթուան համեմատ, աճած է 31,6%-ով։
Սեպտեմբեր 16-ին «Ռոսփոթրեպնատզոր»ը յայտնած է, որ հաստատութիւններու մէջ հաւանական է, որ տեղական սահմանափակումներ ըլլան՝ պայմանաւորուելով հիւանդութեան աշնանային աճով: Միեւնոյն ժամանակ, երկրին մէջ դիմակներ կրելու պարտադրանք չի ծրագրուիր, «եթէ ատոր համար լուրջ պատճառներ չըլլան»։