COVID-19 վարակը եօթ անգամ կը բարձրացնէ յղի կիներու մահուան վտանգը, պարզած են Ճորճ Ուաշինկթընի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութիւնը հրապարակուած է BMJ Global Health-ին մէջ։
Հետազօտողները հաւաքած են հիւանդներու տուեալները 12 երկիրներէ։ Հետազօտութիւններուն ընդհանուր առմամբ մասնակցած է աւելի քան 13 հազար յղի կին։ Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ COVID-19ով վարակուած յղի կիներ եօթ անգամ աւելի մահանալու ենթակայ եղած են յղութեան կամ ծննդաբերութեան ժամանակ՝ չվարակուած կիներու բաղդատած։
Անոնց մօտ նաեւ երեք անգամ աւելի բարձր եղած է վերակենդանացման բաժանմունք յայտնուելու հաւանականութիւնը, 23 անգամ աւելի՝ թոքաբորբոքումի յառաջացումը, հինգ անգամ աւելի՝ «թրոմպ»ները, 15 անգամ աւելի՝ արհեստական շնչառութեան սարքի օգտագործման հաւանականութիւնը։ Անոնց նորածինները նոյնպէս երկու անգամ աւելի յաճախ յայտնուած են «ինթենսիւ թերափի»ի բաժանմունքի մէջ։
Հեղինակները նշած են, որ չնայելով առողջութեան համար չափազանց լուրջ վտանգներուն՝ աւելի քան 80 երկիրներ նախկինին նման չեն յանձնարարեր բոլոր յղիներուն եւ կերակրող մայրերուն COVID-ի դէմ պատուաստներ ստանալ։
Կիներ եւ անոնց բժիշկները շատ պարագաներու կը հրաժարին պատուաստումէն կամ վերապատուաստումէն, որովհետեւ կը կարծեն, որ COVID-19 վտանգ չի ներկայացներ յղիներու համար, կամ վստահ չեն, որ պատուաստումը անվտանգ է յղութեան ժամանակ։