COVID-19-ն կրնայ յանգեցնել թոքախտի զարգացման՝ այն հիւանդներու պարագային, որոնք յարուցիչի կրողներ են։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է փրոֆեսոր, առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտ, թոքաբան Իրինա Վասիլեւա:
Մասնագէտին խօսքով՝ ինչպէս COVID-19-ի, այնպէս ալ թոքախտի «թիրախը» հիւանդի թոքերն են, ուրեմն COVID-19-ն կրնայ մինչ այդ հիւանդին մօտ եղած թոքախտային մահացու վարակը արթնցնել։ Միեւնոյն ժամանակ, երկու հիւանդութիւններու ախտանշաններուն նմանութեան պատճառով, այս մահացու հիւանդութիւնը չյայտնաբերելու վտանգ կայ։
«Բժիշկներու խնդիրն է ուշադրութիւն դարձնել թոքախտի պատճառով թոքերու փոփոխութիւններու պարագան, որոնք երբեմն սխալմամբ կը մեկնաբանուին իբրեւ քորոնա ժահրի դրսեւորումներ»,-ըսած է մասնագէտը։
Վիճակագրութեան համաձայն՝ 10 անձէն 8-ն թոքախտի յարուցիչի կրող է, սակայն հիւանդութիւնը «աքթիվ» փուլ կ՛անցնի միայն այն ժամանակ, երբ դիմադրողականութիւնը կտրուկ կ՛իջնէ։ Վարակումի պահէն մինչեւ հիւանդութեան աշխուժացումը կրնայ մէկ տարի, կրնայ 60 տարի անցնիլ, միեւնոյն ժամանակ՝ նոյնիսկ զօրաւոր «սթրես»ը կրնայ խթան հանդիսանալ։