- Սակացոյց պահանջեցէք դիմումնագիրի միջոցով եւ կամ անմիջական կապ հաստատեցէք գրասենեակին հետ:
- Կրնաք անձամբ ներկայանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, կամ ձեզի կ՛ուղարկենք մեր ներկայացուցիչներէն մէկը, որպէսզի օգնէ՝ առողջապահական ապահովագրութեան դիմումնագիրը լեցնելու համար:
- Ապահովագինի վճարումը կրնաք ուղղակիօրէն կատարել մեր ներկայացուցիչին եւ կամ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ այցելելով:
- Ունիք մինչեւ ութ ամիս՝ ամբողջական հաշուեփակը կատարելու համար:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԱՖՀԻԼ-Ի ՔԱՐԹԸ
ա. Շտապ օգնութեան բաժանմունքի ապահովում
Առողջապահական այն պարագաներուն, որոնք անմիջական խնամքի կարիքը ունին.
Պէտք է շտապ օգնութեան անձնակազմին յանձնուին հետեւեալ փաստաթուղթերը.
-անձնաթուղթ
-ԱՖՀԻԼ-ի քարթ
Հիւանդանոցը կ՛արձանագրէ պարագան եւ կը տեղեկացնէ Globemed-ին:
Եզրերը եւ պայմանները կը ճշդուին աւելի ուշ, եւ դուք պատասխանատու կ՛ըլլաք միայն յաւելեալ ծախսերու փակումին:
բ. Հիւանդանոցի մէջ կեցութեան ապահովում
Կանխամտածուած գործողութեան պարագային, կրնաք կապ հաստատել ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, որ կ՛օգնէ ներկայացնելու հիւանդանոց մուտքի ընդունման նախնական ձեւակերպումները, կամ կրնաք ուղղակիօրէն ներկայանալ հիւանդանոցի ընդունման գրասենեակ, որ կ՛արձանագրէ պարագան եւ կը տեղեկացնէ Globemed-ին: Երկու պարագաներուն ալ պէտք է ներկայացնէք.
-անձնաթուղթ
-ԱՖՀԻԼ-ի քարթ
-բժշկական հաստատագիր՝ հիւանդանոց մուտքի ընդունման համար, որ պատրաստուած եւ ստորագրուած ըլլայ բժիշկին կողմէ՝ անոր կցելով տարրալուծարանի եւ ախտաճանաչումի արդիւնքները:
-Շտապ պարագաները կը մերժուին, երբ կը ներկայացուին միայն բժշկական խորհրդակցութեան եւ վերաքննութեան արդիւնքները:
գ. Հիւանդանոցի մուտքի համար պէտք է ներկայացնել
-անձնաթուղթ
-ԱՖՀԻԼ-ի քարթ
-բժշկական տեղեկագրութիւն՝ (պատրաստուած օրէն 15 օրը չանցած), որ կնքուած ըլլայ այն բժիշկին կողմէ, որ մասնագիտութիւն ունի այդ մարզին մէջ:
Հակառակ պարագային, եթէ ձեր հիւանդութիւնը կամ գործարկութիւնը չէ ընդգրկուած ապահովագրական պայմանագրութեան մէջ, կրնաք կապ հաստատել ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ կամ GlobeMed:
Շտապ պարագաներ
Հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունքի անձնակազմին ներկայացուցէք հետեւեալները.
- անձնաթուղթդ
- ԱՖՀԻԼ-ի քարթդ
- Հիւանդանոցը կ՛արձանագրէ պարագան եւ կը տեղեկացնէ GlobeMed-ի ներկայացուցիչներուն:
Ապահովագրական ընկերութեան կողմէ նկատի չեն առնուիր շտապ այն հարցերը, որոնց պարագային ցոյց կը տրուին միայն բժիշկին խորհրդակցութիւնը եւ վերաքննութիւնը:
Ոչ շտապ պարագաներ
Կապ հաստատեցէք ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ:
Մենք կ՛օգնենք վարչական ձեւակերպումները կատարելու հիւանդանոցին համար, կամ կրնաք ուղղակիօրէն ներկայանալ հիւանդանոցի ընդունման գրասենեակ, որ կ՛արձանագրէ պարագան եւ կը տեղեկացնէ GlobeMed-ին:
Պէտք է ներկայացնէք հետեւեալները.
- անձնաթուղթ
- ԱՖՀԻԼ-ի քարթ
- բժշկական հաստատագիր, որ պատրաստուած եւ ստորագրուած ըլլայ մասնագէտ բժիշկին կողմէ, որուն պէտք է կցել տարրալուծարանի եւ ախտաճանաչումի արդիւնքները:
Հիւանդանոցէն դուրս եղող հիւանդ
Ներկայացուցէ՛ք հետեւեալները.
- անձնաթուղթ
- ԱՖՀԻԼ-ի քարթ
- բժշկական հաստատագիր (15 օրը չանցած), որ ստորագրուած եւ կնքուած ըլլայ համապատասխան մասնագէտ բժիշկին կողմէ:
Եթէ առողջապահական ապահովագրութիւն ունիք այլ ընկերութենէ մը կամ իրերօգնութեան սնտուկ (mutual fund), կրնաք նորոգել ապահովագրութիւնը ԱՖՀԻԼ-ին հետ՝ առանց մտահոգուելու, որ մէկ տարի պէտք է սպասէք ապահովում ստանալու համար, եթէ արդէն իսկ առողջական պարագաներ ունիք կամ մայրութեան պարագայ ստեղծուի:
Առողջապահական պայմանագրութեան ապահովագրութեան պայմանաժամի աւարտը պէտք չէ անցած ըլլայ մէկ ամիսը:
Եթէ ձեր ամուսինը ապահովագրութիւն ունի այլ առողջապահական ծրագիրէ մը (օրինակ՝ խմբային ապահովում), դուք կրնաք ապահովագրուիլ մեր առողջապահական ապահովագրական ծրագիրին կողմէ՝ առանց ձեր ամուսինին: Մայրութեան հետ կապուած որեւէ ծածկոյթ կ՛ապահովուի մեր կողմէ՝ երկրորդ տարիէն սկսեալ: