Բրիտանական Glaxo դեղի ընկերութիւնը աւելի քան 40 տարի պահած է ստամոքսի խոցի եւ այրուցքի դէմ իր դեղի՝ Zantac-ի վտանգաւոր ըլլալը, կը յայտնէ Bloomberg-ը։
Գործակալութիւնը բացայայտած է, որ այդ կապուած է դեղի ազդող նիւթի` «ռէնիդիտին»ի հետ, որ իբրեւ դեղ ստանալու պարագային, կ՛արտադրէ «N-նիթրոզոտիմեթիլամին» (NDMA) զօրաւոր քաղցկեղածինը:
Արտադրող ընկերութիւնը այս կողմնակի ազդեցութեան մասին տեղեկացած է 1978 թուականէն եւ պահած է ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները եւ դեղարաններէն ետ չէ պահանջած դեղը։
«Ռէնիդիտին»ի վտանգաւոր ըլլալը մեծապէս յայտնի դարձած է 2019 թուականին։ Ամբողջ աշխարհի մէջ սկսած են ետ հաւաքել դեղերը։
Մինչդեռ կարգ մը դեղագործներ պնդած են, որ Zantac-ի ընդունման պարագային, քաղցկեղի յառաջացման բարձր վտանգը փաստուած չէ։