H5N1 թռչնակրիփը կրնայ արդիւնաւէտօրէն վարակել «մարթըն»ներուն՝ չնայելով որ նախապէս կ՛ենթադրուէր, որ անիկա կը վարակէ միայն թռչուններուն: Այս կը նշանակէ, որ ժահրը կրնայ յարմարիլ մարդուն վարակելուն: Թորոնթոյի համալսարանի ուսումնասիրութիւնը կը քննարկուի Nature ամսագրին մէջ:
H5N1 թռչնակրիփը տեսակ է, որ յառաջացուցած է բռնկում 2023 թուականին։ Ամբողջ աշխարհի մէջ արձանագրուած է մարդոց վարակման 900-էն նուազ պարագայ, այսինքն՝ ժահրը գրեթէ երբեք չի վարակեր մարդուն։ Այժմ ժահրը կը սպաննէ հիւանդներու գրեթէ 50 առ հարիւրը։ Թռչնակրիփը սովորաբար կը փոխանցուի վարակուած թռչունի հետ սերտ շփումի միջոցով՝ կենդանի կամ սատկած:
Նոր ուսումնասիրութեան ընթացքին, գիտնականները վարակած են «մարթըն»ներուն՝ H5N1 չորս տեսակներէն մէկով: «Մարթըն»ներու շնչուղիները նման են մարդու շնչուղիներուն, ինչ որ փորձագէտներուն պատկերացում տուած է, թէ ինչպէ՞ս ժահրը կրնայ փոխազդել մարդոց:
Վարակուած թռչունէն դուրս եկած H5N1-ը մահուան պատճառ դարձած է «մարթըն»ներու շրջանին մէջ։ Այդ կը նշանակէ, որ այս տեսակը կրնայ զարգացնել որոշ յարմարողականութիւններ, որ կ՛արտօնեն ժահրի աւելի արդիւնաւէտ փոխանցում եւ վերարտադրութիւն:
Գիտնականները նախազգուշացուցած են, որ եթէ այս տեսակը հասնի մարդոց, հետեւանքները կրնան աղիտալի ըլլալ ժողովրդային դիմադրողականութեան բացակայութեան պատճառով: Այս կրնայ յանգեցնել ժահրի նոր համավարակի, որ շատ աւելի մահացու է, քան SARS-CoV-2 համավարակը: Աշխատանքի հեղինակները կոչ ուղղած են կարելի եղած արագութեամբ պատուաստ պատրաստել մարդոց համար եւ կարելի է նոյնիսկ սկսիլ թռչուններու զանգուածային պատուաստում: