Moderna-ն քորոնա ժահրի դէմ լաւագոյն պատուաստ ճանչնալը աշխարհաքաղաքական դրդապատճառ ունեցող քայլ է, յայտնած է առաջնակարգ ժահրաբաններէն եւ Պելճիքայի մէջ COVID-19-ի ոլորտի փորձագէտներէն մէկը նկատուող Մարք Վան Ռանսթ: Անոր խօսքով՝ ռուսական «Սփութնիք V»-ը ոչինչով կը զիջի պատուաստներու համաժողովին յաղթած իր մրցակիցին։
Մասնագէտը նշած է, որ ինքը մեծ նշանակութիւն չէր տար այս մրցանակին, որովհետեւ այս պարագային հաշուի առնուած է աշխարհաքաղաքական գործօնը: Ան ընդգծած է, որ Moderna-ն, «Սփութնիք V»-ը եւ Pfizer-ը աննախադէպ արդիւնաւէտութիւն ցոյց կուտան COVID-19-ի դէմ: Դեղերու այս ցուցանիշը կը գերազանցէ 90%-ը, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթին»:
«Այս հանգրուանին, անոնք արդիւնաւէտութեան նոյն մակարդակին վրայ կը գտնուին: Անիմաստ էր Moderna-ն կամ միւս երկուքը յաղթող նկատել»,- ըսած է մասնագէտը` աւելցնելով, որ նշուած փաստը չի նսեմացներ նուազ արդիւնաւէտ դեղերու որակը, ինչպէս՝ AstraZeneca-ն, Johnson & Johnson-ը եւ Novavax-ը:
««Սփութնիք V»-ը առաջին պատրաստուած պատուաստն է, եւ սկիզբէն մենք ականատես եղանք քաղաքական արձագանգներու, որոնք արտայայտուած են ռուս գիտնականներու նուաճումները նսեմացնելու համար… Այս մրցանակը Moderna-ին տալը, հաւանաբար, հիմնականին մէջ տնտեսական որոշում է»,- ըսած է մասնագէտը:
Յիշեցնենք, որ Moderna-ն «Պատուաստներու համաշխարհային քոնկրես 2021»-ի կողմէ ճանչցուած է «COVID-ի դէմ լաւագոյն պատուաստ»: «Սփութնիք V»-ը եւ AstraZeneca-ն ընդգրկուած են անուանակարգի կարճ ցուցակին վրայ, իսկ Pfizer-ի եւ BioNTech-ի պատուաստը նոյնպէս «բաւական բարձր գնահատական» ստացած է: Յաղթողի ընտրութեան չափորոշիչները յստակ չեն: