Moderna-ի (Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւն) պատուաստուած հիւանդներու 82 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին: Այս մասին հրապարակուած է Journal of the American Medical Association-ին մէջ:
Զեկուցումին համաձայն, Moderna-ի պատուաստի առաջին դեղաբաժինէն ետք, ստացողներու 74 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին՝ ցաւ, կարմրութիւն, ուռուցք եւ քերուըտուք: Ցաւը ամէնէն տարածուած տեղական հակազդեցութիւնն է. ատոր հանդիպած է Moderna-ի երկրորդ դեղաբաժինով պատուաստուածներու 78 առ հարիւրը: Առաջինէն ետք, նման հակազդեցութիւն նկատուած է ստացողներու 71 առ հարիւրի մօտ:
Տեղական հակազդեցութիւններ կրնան յարուցուիլ որեւէ պատուաստի պարագային, եւ մասնագէտներ յայտնած են, որ ատոնցմէ պէտք չէ վախնալ: Նման հակազդեցութիւններ առկայ են նաեւ Pfizer պատուաստը ստացողներու մօտ:
Այլ հետազօտողներ պարզած են, որ Moderna-ի պատուաստը արդիւնաւէտ է Քենթի եւ Քալիֆորնիոյ քորոնա ժահրի նոր շտամներու դէմ. անիկա կը նպաստէ հակամարմիններու արտադրութեան առնուազն վեց ամսուան ընթացքին: