Որոշ ծնողներ իրենց աշակերտ զաւակներուն մեծ քանակութեամբ քաղցր ըմպելիքներ կու տան կարծելով, որ շաքարը կ՛օգնէ անոնց՝ մտաւոր ունակութիւններու բարելաւումին: Իրականութեան մէջ, առողջութեան պահպանման եւ ուսման մէջ յաջողութիւններու հասնելու համար, անհրաժեշտ է ոչ թէ շաքար, այլ առողջ սնունդ, որուն մէջ կ՛ընդգրկուին սպիտակուցներ, ճարպեր եւ ածխաջուրեր, կը պնդէ մանկաբուժ Մարի Դարակչեան:
Մասնագէտին խօսքով՝ չ՛արժեր դպրոց գացող փոքրիկին հետ դնել ոչ առողջարար ուտելիք՝ բաղկացած քաղցրեղէններէ կամ կարկանդակներէ: Ատոր փոխարէն, կարելի է հացով, եփած միսով (կամ թռչնամիսով) եւ պանիրով սանտուիչ պատրաստել, ինչպէս նաեւ դնել մանրուած պտուղ եւ բանջարեղէն: Այսպիսի ուտելիք փոքրիկին կու տայ ոչ թէ «պարապ քալորիներ», այլ օգտակար սննդարար նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են օրկանիզմին, այդ շարքին՝ ուղեղի բնական գործունէութեան համար:
Աւելի լաւ է փոքրիկին չի կերակրել երշիկով, նրբերշիկով եւ վերամշակուած միսի այլ տարատեսակներով. մեծ թիւով հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այդպիսի մթերքներ այնքան վնասակար են՝ ոչ միայն փոքրիկներու, այլ նաեւ՝ մեծերու համար:
Կարելի չէ նաեւ մոռնալ ջուրի մասին, որ նոյնպէս անհրաժեշտ է օրկանիզմի բնական գործունէութեան համար. լաւ կ՛ըլլայ եթէ փոքրիկին հետ դնենք ոչ թէ քաղցր հիւթ, այլ սովորական մաքուր ջուրով շիշ:
«Ծնողները ամէն երեկոյ կը մտածեն, թէ փոքրիկը յաջորդ օր ի՞նչ պիտի հագնի: Ատոր հետ միասին, անհրաժեշտ է նաեւ մտածել, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ փոքրիկը, եւ այդ պատճառով լաւ կ՛ըլլայ եթէ ուտելիքը նախօրօք պատրաստուի»,- ըսած է մանկաբուժը: