Ամսթերտամի համալսարանի բժշկական կեդրոնի եւ Ճոնզ Հոփքինզի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են փոքր ծին մը՝ S10s, որ կրնայ տեղադրուիլ սիրտին մէջ՝ «առիթմիա»-ները (Առիթմիան կամ անկանոն սրտի բաբախումը ձեր սրտի բաբախումի արագութեան կամ ռիթմի խնդիր է։) կանխելու համար: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Heart Journal (EHJ) ամսագրին մէջ:
Ըստ հետազօտութեան հեղինակներէն մէկուն՝ սրտաբան Ճերարտ Պոյնքի՝ «իմփալս»-ներու արագ փոխանցումը անհրաժեշտ է սիրտի կայուն «ռիթմ»-ը պահպանելու համար։ Հաղորդականութեան այս խանգարումները կրնան յանգեցնել կեանքին սպառնացող «առիթմիա»-ներու, յատկապէս սիրտի կաթուածի, սիրտի անբաւարարութեան կամ ծինային խանգարումներու պատմութիւն ունեցող մարդոց մօտ:
Հետազօտութեան ընթացքին գիտնականներու խումբը լուծած է հաղորդականութեան դանդաղեցման խնդիրը՝ նոր ծին ներառելով սիրտի մկանային բջիջներուն մէջ: Մինչեւ այսօր, արդիւնաւէտ ծիները չափազանց մեծ էին ժահրային «վեքթոր»-ի օգտագործումով բջիջներ փոխանցելու համար:
Փորձարկումի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այս ծինի ներդրումը կը բարելաւէ «իմփալս»-ներու փոխանցումը սիրտին մէջ՝ հիմք դնելով «առիթմիա»-ի բուժման նոր մօտեցումին: Հետազօտական խումբը յաջողութեամբ ցուցադրած է այս ազդեցութիւնները տարբեր անասուններու «մոտել»-ներու մէջ, մարդու սիրտի մկանային բջիջներուն եւ մարդու սիրտի հաշուողական «մոտել»-ին մէջ:
«Անհրաժեշտ է յաւելեալ հետազօտութիւն՝ բացայայտելու համար, թէ արդե՞օք այս մօտեցումը կրնայ կիրառուիլ քլինիքային գործնական վարժութեան մէջ: Եթէ յաջողութեամբ պսակուի, անիկա կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել «առիթմիա»-ներու դէպքերը եւ բարելաւել հիւանդներու գոյատեւումը», – ըսած է Պոյնքը: