Ա. Ծածկոյթի յատկութիւններ
- Անհատական Արկածի Պայմանագրութիւնը՝ ըստ մասնագիտութեան ապահովագրուողին կու տայ արկածի հետեւանքով պատահած մարմնային վնասուածքի ծածկոյթ
- Ծածկոյթը կը տրուի 24/24 ըստ համաձայնագիրի
- Աշխարհագրական սահմանումը՝ ըստ համաձայնագիրի
- Ապահովագրութեան գումարը մասնայատուկ, համաձայնուած գումար մըն է:
Բ. Ծածկոյթներ եւ Սահմանումներ
Հիմնական Ծածկոյթ. Արկածամահ. Կեանքի կորուստ՝ ուղղակիօրէն արկածի մը հետեւանքով պատահած՝ ինչպէս սահմանուած է վարը եւ որ կը պատահի արկածէն մինչեւ 12 ամսուան ժամանակամիջոցի ընթացքին:
«Արկած» կը նշանակէ անկանխատեսելի, յանկարծակի, անակնկալ դէպք մը, որ կը պատահի որոշ ժամանակի եւ վայրի մէջ՝ յայտնաբերուելով վայրագ, արտաքին եւ տեսանելի պատճառներով՝ մարմնային վնասուածքներ հասցնելով:
Յաւելեան ծածկոյթներ
Հետեւեալ ծածկոյթները կրնան աւելցուիլ հիմնական ծածկոյթին վրայ՝ ապահովագրուողին ազատութեան ձգելով եւ ընկերութեան վաւերացումով:
ա. Տեւական Ամբողջական Անկարողութիւն
Անկարողութիւն, որ կ՛արգիլէ ապահովագրուած անձը իր աշխատանքին, արհեստին կամ պաշտօնին ներկայ գտնուելու, որ կ՛երկարի տասներկու ամիսէն աւելի:
բ. Տեւական Մասնակի Անկարողութիւն
Կ՛արգիլէ ապահովագրուողին սովորական պարտաւորութիւնները եւ գործունէութիւնը կատարելու: Անկարողութեան տոկոսը կ՛որոշուի երդուեալ բժիշկի վկայագիրի համաձայն, որ կցուած կ՛ըլլայ պայմանագրութեան:
գ. Մնայուն Ամբողջական Անկարողութիւն կամ շաբաթական վնասուց հատուցում
դ. Բժշկական Ծախսեր
Կը նշանակէ բոլոր բժշկական, հիւանդանոցային, եւ վիրահատական ծախսերը, առաւել՝ դեղորայքի հայթայթման եւ տարրալուծարանային ծախսեր:
ե. Պատերազմի Վտանգ
Եթէ մնայուն անկարողութիւն պատահի ապահովագրուողին, պայմանաւ, որ ան մաս չէ կազմած որեւէ քաղաքական հոսանքի, որ նշուած է այստեղ, ինչպէս նաեւ՝ պատերազմի կամ պատերազմական գործողութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի հետեւանքով (պատերազմ հռչակուած է կամ ոչ), կամ որեւէ այլ պատճառով, ապա ընկերութիւնը կը վճարէ ապահովագրուած գումարը մահուան պարագային, կամ ապահովագրուած գումարէն 100% մը՝ մնայուն անկարողութեան պարագային: