ՍՊԻՏԱԿԱՐԻՒՆՈՒԹԻՒՆ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Սպիտակարիւնութեան (leukemia) բոլոր տեսակները կը յառաջանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ (hemopoietic) ցօղունային (stem cell) սպիտակ գնդիկներու անբնական բազմացումով եւ յայտնաբերումով անբնական սպիտակ գնդիկներու, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ». անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։ Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը…