ՎԱՏ ՔՈՒՆԸ ԿԱՊՈՒԱԾ Է ՈՒՂԵՂԻ ԱՐԱԳԱՑՈՒԱԾ ԾԵՐԱՑՄԱՆ ՀԵՏ

Շուէտի Քարոլինսքա հիմնարկի գիտնականները պարզած են, որ քունի խանգարումներ ունեցող մարդոց ուղեղը իրենց ժամանակագրական տարիքէն աւելի ծեր կ’երեւին: Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է EBioMedicine ամսագիրին մէջ: Հետազօտութեան մասնակցած է UK Bio-bank-էն միջին եւ տարեց տարիքի 27,5 հազար անհատ, որոնք ենթարկուած են գլխուղեղի MRI-ի։ Մեքենայական ուսուցման միջոցով գիտնականները գնահատած են գլխուղեղի «կենսաբանական տարիքը»՝ զայն համադրելով փաստացի տարիքի հետ։…

ՆԱՐԿԻԶԱԿԱՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

  ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Մարդ արարածը երբեմն ինքնիր անձին կը նայի յատուկ հիացմունքով. ասիկա բնական է եւ առողջ: Սակայն երբ այդ հիացմունքը կը վերածուի չափազանց մեծարանքի, ուժեղ եսակեդրոն նպատակներու, մեծամիտ ինքնագնահատականի, ուշադրութեան մշտական պէտքի եւ ուրիշները թերագնահատելու վերաբերմունքի, կը ստեղծուի նարկիզական անհատականութեան խանգարումը: Նարկիզական անհատականութիւնը հոգեբանական համախտանիշ է, ուր անհատը իր արժէքը բարձր կը գնահատէ, ինքնիր…

ՀԱՍԿՆԱԼ ԵՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐԵԼ ՍԱՐՍԱՓԻ ՆՈՊԱՆԵՐԸ (PANIC ATTACKS)

  ԱԶՆԻՒ ՓՕԼԱՏԵԱՆ Սարսափի նոպաները աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ յաճախ հանդիպող հոգեբանական խանգարումներն են։ Շատ մարդիկ կը դիմագրաւեն այս նոպաները յանկարծակի եւ առանց նախնական նախազգուշացման, ինչ որ անոնց կը պատճառէ ուժեղ լարուածութիւն եւ խուճապ։ Սարսափի նոպաները կրնան յայտնուիլ անակնկալ ձեւով, կամ ըլլալ PanicDisorder կոչուող խանգարումէն մաս մը, որ կրնայ լուրջ կերպով ազդել մեր առօրեային վրայ:…

ԿԱՐՄԻՐ ՄԻՍԸ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ՕՐԱԲԱԺԻՆՈՎ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՈՒՂԵՂԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ

Nutrients բժշկագիտական հանդէսին մէջ հրապարակուած վերջին հետազօտութիւնը պարզած է, որ կարմիր միսի չափաւոր օգտագործումը հաշուեկշռուած օրաբաժինի ծիրին մէջ ի վիճակի է օգնելու բարելաւելու ուղեղի առողջութիւնը խթանող սննդարար նիւթերու, մասնաւորապէս՝ B12 վիթամինի եւ զինկի, մակարդակը՝ առանց բացասաբար ազդելու աղիքային միքրոպիոմի կամ հոգեկան առողջութեան վրայ։ Հետազօտութեան մասնակցած են աւելի քան 3600 կամաւոր, որոնց տուեալները հաւաքագրուած են American…

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ ԵՆ ՄՏԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ԱԽՏԱՆԻՇԸ. ԵՒ ԱՏԻԿԱ ՄՈՌԱՑԿՈՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ

  Բժշկագիտութեան ոլորտի հետազօտողները յայտնած են մտագարութեան անսպասելի կանուխ նշանի մասին. ատիկա թերեւս ոչ թէ յիշողութեան կորուստն է, այլ հեգնանքի կամ երկակի իմաստներու ընկալման խնդիրը։ Մինչ մարդիկ յաճախ մտագարութիւնը մոռացկոտութեան հետ կը կապեն, այդ ախտանիշը գիտակցական մակարդակի վրայ աւելի քիչ կ’արտացոլայ, թէեւ կրնայ ի յայտ գալ շատ աւելի կանուխ։ Նեարդահոգեբաններէն եւ մասնագէտներէն ոմանց կարծիքով՝ հեգնանքը…

ԱՐԱԳ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒՈՂ ՍՆՈՒՆԴ ԵՒ ՔԱՂՑՐ ԸՄՊԵԼԻՔՆԵՐ. ԻՆՉՊԷՍ Կ’ԱԶԴԵՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

  JAMA Network Open-ի մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը պարզած է, որ օրաբաժինի խիստ վերամշակուած սնունդի մասնաբաժինի աւելացումը զգալիօրէն կը բարձրացնէ նախաշաքարախտի յառաջացման վտանգը երիտասարդ չափահասներու շրջագիծին մէջ: Յատկապէս խոցելի են անոնք, որոնք դեռահասութեան տարիներուն աւելորդ կշիռք կամ ճարպակալում ունեցած են: Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի Քեքի բժշկական դպրոցի (Keck School of Medicine) գիտնականները մօտ չորս տարի հետեւած…

ՔԱՂՑԿԵՂԸ ԽԼԵՑ ԻՐ ՁԱՅՆԸ, ԻՍԿ ԻՆՔ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՑ ԶԱՅՆ

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ Երբ բժիշկները յայտնեցին իրեն, որ պէտք է հեռացնեն իր լեզուն եւ ձայնատուփը՝ բերնին մէջ սկսած քաղցկեղին պատճառով վտանգուած կեանքը փրկելու համար, Սոնիա Սոթինսքին նստաւ բարձրախօսին առջեւ՝ ձայնագրելու համար այն բառերը, զորս այլ-եւս երբեք պիտի չկարենար արտայայտել։ «Շնորհաւոր ծնունդդ» եւ «Ես հպարտ եմ քեզմով» բառերը գլխաւոր տեղը գրաւեցին այն արտայայտութիւններուն մէջ, զորս ան…

ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԸԼԼԱԼ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ   Աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ կան քանի մը կերակուրներ, որոնք բնական թոյներ կը պարունակեն եւ որոնք սխալ ձեւով ուտուելու պարագային կրնան սաստիկ հիւանդութիւն կամ նոյնիսկ մահ պատճառել։ Ուրիշ տեսակներ՝ նոյնիսկ շատ փոքր քանակով, կրնան ծանր ախտանիշեր յառաջացնել։ Արագ հիւանդանոցային բուժումի դիմելը յաճախ կեանք կը փրկէ։ Ուրեմն, օգտակար է այս կերակուրներուն շուրջ որոշ…

ԼԵԱՐԴԻ, ԼԵՂՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԻԿԱՄԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ճիշդ սննդառութիւնը շատ մեծ դեր ունի եւ սնունդի միջոցով կարելի է դիւրացնել մաղձի արտադրութիւնը։ Սնունդը լեարդ կը հասնի արեան միջոցով՝ ներծծուելով բարակ եւ հաստ աղիքներէն։ Լեարդի կարեւոր գործունէութիւնը լեղիի արտադրումն է։ Լեղապարկի մէջ կուտակուած լեղին անհրաժեշտութեան պարագային կ’օգտագործուի աղիքներու աշխատանքը խթանելու եւ ճարպերու իւրացման համար։ Ինչպէ՞ս սնանիլ, երբ հանուած է լեղապարկը:…

ԹՈՒԱՅԻՆ ԹԱԿԱՐԴ. ՀԱՍԿՆԱԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՄԻԱՑՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԴԱՐՈՒՆ

ԿԱՐԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ժամանակակից աշխարհին մէջ կեանքը առանց համացանցի գրեթէ աներեւակայելի է։ Մենք կը գործենք, կը սորվինք, կը շփուինք, կը գնենք եւ կը զուարճանանք առցանց։ Բայց այդ նոյն ցանցը, որ մեզ կը միացնէ անսահման տեղեկութեան ու հնարաւորութիւններու, կրնայ նոյնքան լուռ ձեւով մեզ առնել իր թակարդին մէջ։ Հոգեբանները այսօր կը նկարագրեն համացանցային մոլութիւնը իբրեւ վարքագծային հիւանդութիւն մը՝…