ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ 2021-ի վերջերուն, երբ COVID-19 սկսած էր անհետանալ մեր տեսադաշտէն, լուրեր սկսան շրջիլ, որ Amazon-ի գործադիր տնօրէն Ճէֆ Պեզոս (ամենահարուստ մարդը այսօր) միլիոններ կը նուիրէ «անմահութեան» հետ կապուած հետազօտութիւններու: Ան առաջին միլիառատէրը չէ, որ կը դիմէ նման քայլի, քանի որ PayPal-ի սեփականատէրերէն՝ Թիելը նոյնպէս միլիոններ կը ծախսէ նոյն նպատակին համար: Իրականութեան մէջ,  ծիներու…

ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՅԻՇԵԼ ՎԱՂ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

The Conversation պարբերականը հրապարակած է հետազօտող Վանեսա Լոպիւի յօդուածը, ուր հեղինակը կը խօսի նորածիններու յիշողութեան մասին: Հեղինակին կարծիքով, հակառակ մանրամասնութիւններու հսկայական տարբերութեան, մարդոց առաջին յիշողութիւնները որոշ ընդհանուր բաներ ունին` անոնք բոլորը ինքնակենսագրութիւններ են եւ, որպէս կանոն, կը ձեւաւորուին 2-3 տարեկանէն ոչ առաջ: Հակառակ անոր, որ մինեւ 2-3 տարեկան մարդիկ շատ քիչ բաներ կը պահեն յիշողութեան…

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՌՏՈՒՆԵՐԸ ԳԼԽԱՑԱՒՈՎ Կ՚ԱՐԹՆՆԱՆՔ

Երբեմն օրը առտուընէ լաւ չի սկսիր: Գլխացաւը կը սպառնայ լիովին խախտել առօրեան: Ինչո՞ւ առաւօտեան կը ցաւի գլուխը. պատճառները բազմաթիւ են: Սովորաբար, անոնք կապուած են սխալ ապրելակերպի հետ: Առաւօտեան գլխացաւերու ծանօթ պատճառներ. Գիշերային քունը պէտք է տեւէ առնուազն 7-8 ժամ: Երկարատեւ քունի պակասը պատճառ կը դառնայ «շտապողականութեան մեքանիզմներ»ու (emergency mechanisms) գործարկման: Կը նշմարուի սրտազարկի յաճախացում, զարկերակային…

Ի՞ՆՉ Է ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԸ, ԱՆՈՐ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐԴԵՕՔ ՍՊԱՌՆԱԼԻ՞Ք Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

ՈՒՐԿԷ՞ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ Է ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԸ «Կապիկի ծաղիկ»ը իր անունը ստացած է 1958 թուականին, երբ «ծաղիկի նման հիւանդութեան երկու համաճարակ տեղի ունեցաւ կապիկներու «գաղութներու» մէջ, որոնք կը պահուէին հետազօտութեան համար», – ըսած է CDC-ն: Այնուամենայնիւ, կապիկներու հիւանդութեան հիմնական կրողը տակաւին յայտնի չէ, թէեւ «կասկած կայ, որ ափրիկէի կրծողները (առնէտներու տեսակները) փոխանցման մէջ մեծ դեր ունին»,- նշած…

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ՄԻՆՉԵՒ 15 ՏԱՐԵԿԱՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԼՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (WHO) տուեալներով` բնակչութեան 5%-էն աւելին կամ 466 միլիոն հոգի (432 միլիոն չափահաս եւ 34 միլիոն փոքրիկ) ունի լսողութեան կորուստ: Մինչեւ 15 տարեկան փոքրիկներու լսողութեան կորուստի պարագաներուն 60%-ին պատճառներէն են. Վարակները` կարմրուկ, կարմրախտ, խոզուկ, մենինժիթ, միջին ականջի քրոնիկ բորբոքում (31%), Սաղմի ասֆիքսիա ծնունդ, կանխահասութիւն, ցած կշիռք, դեղնուկ, ծննդաբերական բարդութիւններ (17%), Լսողութեան գործողութեան վրայ…

ՈՂՆԱՅԱՐԻ ԿՈՂՄՆԱԾՌՈՒԹԻՒՆ (SCOLOSIS)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ   Հին յունարէնով scoliosis կը նշանակէ շեղութիւն կամ ծռութիւն: Ողնայարի կողմնածռութիւնը-ողնկողմնածռութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ կ’ընդգրկէ նեարդամկանակմախքային համակարգը (neuromusculskeletal): Անոր հետեւանքով տեղի կ’ունենայ ողնայարի յարաճուն (progressive) կորութիւն եւ ոլորում (twisting): Ողնայարը կը ստանայ երեք ուղղութեամբ անբնական երեւոյթ, այլ խօսքով՝ պարուրաձեւութին (helical): Յաճախ ողնայարը կը նկարագրուի որպէս գալարաձեւ եւ պարուրաձեւ սանդուղ (spiral stairs):…

Ո՞ՐՔԱՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԻՍԸ ՊԱՀԵԼ ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Միսը սխալ պահելը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, ուստի շատ կարեւոր է կիրարկել անոր պահպանման բոլոր կանոնները: Մ. Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու (CDC) մասնագէտները խորհուրդ կու տան արդէն պատրաստուած միսը պահելու մի-այն կտրատուած վիճակի մէջ. միսի մեծ կտորները` տապկուած կտորները, թէ ամբողջական հնդկահաւը, խորհուրդ կը տրուի բաժնելու ոչ մեծ չափերու` աւելի արդիւնաւէտ սառեցման համար:…

ՄՆԱՅՈՒՆ ՄԱՐԶԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ՚ԱԶԴԷ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Կանոնաւոր մարզանքը կը նպաստէ կանխելու դրուագային յիշողութեան` անցեալի մէջ պատահած դիպուկ իրադարձութիւններու, ներառեալ` անոնց ժամանակի, վայրի եւ այլ տեղեկութիւններու մասին յիշողութեան վատթարացումը: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փիթսպըրկի համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները: Դրուագային յիշողութիւը առաջին հերթին կը վատթարանայ տարիքի հետ: Բայց գիտնականներուն համաձայն, շաբաթը 3 անգամ կատարուող մարզանքը, առնուազն 4 ամիս տեւողութեամբ, կը փոխհատուցէ` տարիքի հետ կապուած…

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ ԵՐԿԱԹԻ ԹՈՒՆԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Երկաթի թունաւորումը կը յառաջանայ, երբ մարմնին մէջ աւելորդ քանակով երկաթ կը կուտակուի: Այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ բնական ձեւով կամ պատահական: Մեծ քանակով երկաթ ունենալը թունաւոր կրնայ ըլլալ ժամանակի ընթացքին եւ կրնայ մահուան պատճառ դառնալ: Երկաթով թունաւորումը միշտ բժշկական շտապ օգնութիւն կ’ենթադրէ եւ վտանգաւոր է յատկապէս փոքրիկներու համար: Ի՞նչ է երկաթի թունաւորումը Երկաթը կարեւոր է…

ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԺԱՀՐԸ ԿՐՆԱՅ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ Առանձին առած, ժահրերը մահացած նիւթեր են: Անոնք անպէտք DNA-ի կամ RNA-ի (ծինային նիւթեր) ծփացող բեկորներ են, որոնք առանձինն չեն կրնար սպաննել, բազմանալ կամ որեւէ այլ բան ընել, բացի աննպատակ շրջագայելէ, մինչեւ շրջապատի գործօններ ամբողջութեամբ կործանեն զանոնք, կամ պատահական մէկը վերցնէ զանոնք եւ հիւանդանայ: Առանց պատճառի բազմանալու իր «գործը» ընելու համար ժահրը պէտք…