ԹԱՐՄ ՍՆՈՒՆԴԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Օրկանիզմին համար ամենակատարեալ ձեւը՝ սննդամթերքները բնական եւ թարմ օգտագործելն է։ Պէտք է նշել, որ օգտագործելով առատ բանջարեղէն, պտուղներ եւ անոնց հիւթերը՝ մենք կ’ապահովենք օրկանիզմին ոչ միայն սնուցումը եւ վերակառուցումը, այլեւ՝ մաքրումը: Երբ կ’օգտագործենք թարմ, հում, չեփած սնունդ, ապա անոր պարունակած բջիջանիւթը կը մաքրէ աղիքները։ Այդ նոյն սնունդը եփած կամ տապկուած կը…

ԽՌԿՈՑԸ ԵՒ ՔՈՒՆԻ ԿԱՆԳԸ (SLEEP APNEA)

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Խռոցը կամ խռկոցը խռպոտ եւ կոշտ ձայն է, որ կը զարգանայ քունի ընթացքին, երբ ներշնչուած օդը կ՚անցնի շնչառական թուլցած հիւսուածքներուն ընդմէջէն, մանաւանդ թեթեւ քունէն խոր քունի անցնելու ժամանակ, երբ լեզուն ու քիմքի մկանները կը թուլնան, կ՚անշարժանան, կ՚արտադրուի հիւսուածքներու թրթռացում, հետեւաբար՝ խռկոցի բարձր ձայն: Բնական պայմաններու մէջ առողջ մարդ մը չի խռկար, սակայն տարբեր…

ԿԵՆՍԱՆԻՒԹ «K»

Տոքթ. Վ. Գնաճեան Քօփէնհակնի տարրալուծարաններուն մէջ է, որ 1929-ին գտնուեցաւ «K» կենսանիւթը: Կարգ մը կենդանիներ, որոնք սննդառութեան փորձերու կ՚ենթարկուէին, յանկարծ արիւնահոսութիւն ունեցան, երբ անոնց տրուած իւղոտ ուտելիքները ենթարկուեցան սեղմումի: Գիտնականները փորձեցին այդ արիւնահոսութիւը կեցնել՝ «A», «D» եւ «C» կենսանիւթերով, սակայն ապարդիւն: Ու ահա երբ կենդանիներուն տրուեցաւ «լիւզերին» կոչուած տունկին տերեւները, անոնք ապաքինեցան արագ կերպով: Քիմիական…

Ո՞Ր ՈՒՏԵԼԻՔԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տուրմը (Շոքոլան) կրնայ բարձրացնել ձեր տրամադրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ տրիփթօֆան՝ նիւթ մը, որ կը նպաստէ էնտորֆիններու (ծանօթ իբրեւ «երջանկութեան հորմոններ») արտադրութեան, կը նշէ բժիշկ-սննդաբան, Ռուսիոյ բժշկական-կենսաբանական գործակալութեան փրոֆէսոր Մարգարիտա Քորոլեօւա: Անոր համաձայն, տուրմին միայն անունը լսելը բաւարար է մարդոց օրկանիզին մէջ էնտորֆիններ արտադրելու: Ուտելով այս քաղցրաւենիքը` մարդ ուրախութիւն եւ հաճոյք կը ստանայ բերանի խոռոչի…

ՈՐՔԱ՞Ն ՍՈՒՐՃ ՊԷՏՔ Է ԽՄԵԼ ՕՐԱԿԱՆ` ԼԵԱՐԴԻ ՆԵԱՐԴԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սուրճի կանոնաւոր օգտագործումը դրական ազդեցութիւն ունի լեարդի առողջութեան վրայ եւ կը նուազեցնէ անոր հիւսուածքներուն կարծրութիւնը, ինչպէս պարզած են ամերիկացի գիտնականները: Անոնք վերլուծած են 4500 մեծահասակ ամերիկացիներու տուեալները, որոնք մասնակցած են Առողջութեան եւ սնուցման ազգային հետազօտութեան (NHANES) եւ ենթարկուած էլասթոմեթրիա ախտորոշիչ քննութեան, որ կը ճշդէ լեարդի նեարդացման աստիճանը` չափելով անոր հիւսուածքին առաձգականութիւնը: Գիտնականները կապ չեն գտած…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՐՏԵՄ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Անցեալ Հոկտեմբերին, ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան եւ ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսթ արժանացան բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին: «Տը Նոպըլ Փրայզ» թուիթըրեան էջը հաղորդեց, որ երկու գիտնականները մրցանակին արժանացած են ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իրենց կատարած բացայայտումներուն համար: Արտեմ Փաթափութեան մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան է: Ան ներկայիս կ՚աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Խոյա շրջանին մէջ…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄԱՐՍՈՒԻ ՄԵՐ ՍՆՈՒՆԴԸ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Մարդու օրկանիզմը այնպէս է ստեղծուած, որ ամենաբարդ, տարբեր վիճակներու մէջ ընդունուած սննդային խառնուրդը նոյնպէս կը տրոհուի աւելի պարզ ձեւերու եւ նոր միայն կը մարսուի։ Մարսողութիւնը կը սկսի բերանի խոռոչէն, ուր թքագեղձերու արտադրած հիւթերու ազդեցութեան տակ մանրուած սնունդը կը մշակուի, ապա կ՚անցնի ստամոքս: Ստամոքսի մէջ մարսողական հիւթերը, որոնք կը պարունակեն տարբեր խմորիչներ՝…

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՎԱԶԵԼԻՆԸ

Կա՞յ մէկը որ գործածած կամ առնուազն տեսած չըլլայ «Վազելին» կոչուող դեղը: Իւղի նման թանձր, կակուղ, բայց անգոյն, անբոյր եւ անհամ նիւթ մըն է: Դեղարանները մեծ քանակութեամբ կը սպառեն անկէ՝ սպեղանիներու պատրաստութեան համար: Սուզուող լողորդները անով կ՚օծեն իրենց մարմինները: Շարժանկարի դերասանները վազելինով կը կեղծեն իրենց արցունքները: Ռազմաճակատի զինուորները յաճախ վազելինը կը գործածեն որպէս ածիլուելու օճառ: Որո՞ւն…

Ի՞ՆՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՄԱՏՆԱՆՇԵԼ ՊԱՂ ՁԵՌՔԵՐԸ

Պաղ ձեռքերը կրնան վկայել առողջութեան հետ կապուած խնդիրներու առկայութիւնը, կը հաստատէ երակաբան եւ անօթային վիրաբոյժ Քեարամ Ազատեանը: Երբ անձ մը անհանգիստ կը զգայ իր պաղ ձեռքերէն, պէտք է պարզել, թէ ի՞նչ է անոր պատճառը: Մասնագէտին համաձայն, որոշ պարագաներու պաղ ձեռքերը մարմնային վիճակ են, օրինակ` տարուան պաղ եղանակին կամ օդի ցած ջերմաստիճանի օրերուն: «Բայց երբ ձեռքերը…

ԱՌԱՆՑ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԹԵԹԵՒ COVID-19 ՈՒՆԵՑՈՂ ՓՈՔՐԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՀԱԿԱՄԱՐՄԻՆՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՉՅԱՌԱՋԱՆԱԼ

COVID-19-էն յետոյ երեխաները մեծերուն պէս կրնան նորէն վարակուիլ քորոնայով, մանաւանդ եթէ հիւանդութիւնը թեթեւ կամ առանց ախտանշաններու անցուցած են: Նման եզրակացութեան յանգած են Մըրտոքի Մանկական գիտահետազօտական հիմնարկի (Աւստրալիա) գիտնականները: Նոր հետազօտութիւնը տակաւին չէ գրախօսուած եւ հրապարակուած է վարկածներու յատկացուած medrxiv բաց հրապարակումներու կայքէջին վրայ: Հետազօտութեան մէջ համեմատուած են COVID-19-ով թեթեւ կամ անախտանիշով հիւանդացած 57 մանուկներու եւ…