ԱՒԵԼԻ ԱՌՈՂՋ, ԱՒԵԼԻ ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Կարինէ Մինասեան Թաշճեան Ինքնուսուցողական գրականութեան մէջ, Ճէյմզ Քլիրէյի «Հիւլէական սովորութիւններ» (Atomic Habits) գիրքը որոշիչ եւ մնայուն տեղ մը գրաւած է։ Այս գիրքը սովորութիւններու մասին գիրք մը չէ միայն. ան գիտական հիմքերու վրայ հիմնուած գործնական ուղեցոյց մըն է անձի վերափոխման մասին՝ սկսելով ոչ թէ մեծ ոստումներով, այլ ամենափոքր քայլերով։ Եթէ երբեւէ դժուարացած էք հաստատ մնալ որոշումներու…

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ​​ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԱԾ Է ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼ ՍՐՏԻ ԿԱՆԳԸ՝ ԱՆԿԷ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹ ԱՌԱՋ

    Ֆրանսացի եւ ամերիկացի գիտնականներու միջազգային խումբը ստեղծած է արհեստական ​​ բանականութեան (AI) գործիք, որ կրնայ նախապէս զգուշացնել սրտի հանկարծակի կանգի վտանգի մասին: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է The Lancet բժշկագիտական հանդէսին մէջ: Մշակուած համակարգը կը նմանակէ մարդու ուղեղի աշխատանքը՝ վերլուծելով ելեկտրասրտագրութեան տուեալները, կը յայտնէ ռուսական «Թերթ» կայքը: Հետազօտութիւնը մշակած է աւելի քան 240 հազար բժշկական…

ՎԻԶԻ ՑԱՒ. ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ԵՒ ԲՈՒԺՈՒՄ

  ԲԱԳՐԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ՈՒՂՈՒՐԼԵԱՆ   Վիզի (կամ պարանոցի) ցաւը յաճախակի հանդիպող եւ շատերուն ծանօթ անհաճոյ զգացում մըն է, որ կրնայ ազդել մեր առօրեայ կեանքի որակին վրայ: Պարանոցի ցաւը աշխարհով մէկ աւելի յաճախ հանդիպող երեւոյթ կը դառնայ: Անիկա զգալի ազդեցութիւն ունի անհատներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, միջավայրերուն, առողջապահական համակարգերուն եւ գործարար դաշտերուն վրայ։ Առաջին հերթին…

ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

    ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   ՍԱԿԱՒԱՐԻՒՆՈՒԹԻՒՆ (ANEMIA) Արեան կարմիր գնդիկներու պակասն է, որուն պատճառները բազմաթիւ են, սակայն բուժման սկզբունքները` ընդհանուր: Օգտագործել երկաթով, մակնէզիումով եւ ֆոլիք ասիտով հարուստ սնունդ, ինչպէս նաեւ` հաւու կամ կովու լեարդ։ Յաճախ օգտագործել շոմին, որ կը պարունակէ բնական երկաթ, ինչ որ անոր պարունակած կենսանիւթերու ազդեցութեան տակ մարմնի կողմէ շատ դիւրութեամբ…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՂԻՔՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱԶԴԷ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆԴ ՎՐԱՅ

    ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Երբ մէկը մտահոգութիւն մը կամ անձկութիւն մը ունենայ, կ’ըսենք «փորի ցաւ ունի», կամ երբ ուրախ ենք կամ ջղայնացած, այդ տրամադրութիւնները աղիքներու աշխատանքը կը փոխեն, փորերնիս կը քշէ կամ գոնէ այդպէս կը զգանք։ Նոյնպէս, երբ միայն կերակուրի մասին կը մտածենք, ստամոքսը դեռ չկերած կը սկսի արտադրել մարսողական հիւթերը։ Այս արտայայտութիւնները պատահական չեն.…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՒՂԵՂԻ ԲՋԻՋՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ «ԱՊԱԳԱՆ ՏԵՍՆԵԼ» ՔՈՒՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Nature» պարբերաթերթին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ջղաբջիջները («neurons»), որոնք կ’աշխուժանան ուղեղի յիշողութեան կեդրոնին մէջ քունի ժամանակ, ոչ միայն կը վերաքաղեն անցեալը, այլեւ կրնան նայիլ ապագային եւ մարզուիլ գործունէութեան մը համար, որ դեռ չէ պատահած: Հետազօտողներուն համաձայն, «երազները, որոնք կը նախատեսեն ապագան պարզ զուգադիպութիւններ չեն, եւ ուղեղը իսկապէս կրնայ նախատեսել գալիք…

ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՄԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔՆԱՆԱԼԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԸԼԼԱԼ ՁԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ   – Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ թեթեւ լոյսով քնանալը կրնայ ազդել մարդու առողջութեան վրայ: – Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ քնացած ժամանակ լոյսի ազդեցութիւնը կը սպառնայ տարեցներու գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման մեծ վտանգով: Նոյն հետազօտողներու տարրալուծարանային նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ վնասակար այս ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր տարեց մարդոցմով: Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան…

ԱՐԱԳ ՔՈՒՆԻ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գիտնականները պարզած են, որ «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը կարեւոր դեր կը խաղայ արագ քունի (REM-Rapid Eye Move-ment) կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել քունի խանգարումներու եւ անոնց հետ կապուած ջղային-հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման, գրած է Journal of Neuroscience-ը։ Արագ քունի (REM-քուն) ժամանակ ուղեղին մէջ կը նուազի նորատրենալին «յառաջացնող» ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։ Անոնք կը գտնուին «երկնագոյն բիծ» կոչուող…

«ԱՐԱԳ ԱՐՁԱԳԱՆԳՄԱՆ ՊԱՅՈՒՍԱԿ». ԱՄԷՆԷՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԻՐԵՐԸ՝ ՄԻՇՏ ՁԵՌՔԻԴ ՏԱԿ

ԱՅՍՕՐ ՊԱՏՐԱՍՏԷ՛ ՏԱՐՀԱՆՄԱՆ ՊԱՅՈՒՍԱԿԴ ԵՒ ԴԻ՛Ր ՇԱՏ ՅԱՐՄԱՐ ՈՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՏԵՂ ՄԸ Բնականաբար իւրաքանչիւր անձի ու իւրաքանչիւր ընտանիքի տարհանման պայուսակը ունի իր առանձնայատուկ պարունակութիւնը՝ կախուած տուեալ ընտանիքի կամ անձի կարիքներէն: Այնուամենայնիւ, փորձած ենք ներկայացնել պարագաներու այն հիմնական խումբերը, որպէսզի ուղորդենք եւ օգնենք այս գործին մէջ: Որքան ալ, որ հոգեպէս դժուար է այս գործը ընելը, յիշեցէք,…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ` ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

  Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան   Հայ բժշկութեան ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչներէն է Մխիթար Հերացի, որ նկատուած է հայկական դասական բժշկական դպրոցի հիմնադիրը: Մխիթար Հերացի ծնած է Պարսկահայքի Հեր գաւառի մէջ (այժմ՝ Իրանի Խոյ քաղաքը), մօտաւորապէս 1120-ին: Պատանի տարիքին ան տեղափոխուած է Կիլիկեան Հայաստան, ուր հետեւած է բժշկութեան եւ արժանացած բժշկապետի պատուաւոր կոչման: Այնուհետեւ Սիսի եւ Հռոմկլայի մէջ…