ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, զոր կը ներկայացնէ քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ: Դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին…