ԻՆՉՈ՞Ւ COVID19-ՈՎ ՄԱՀԱՑԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ԹԱՂԵՆ ՓԱԿ ԴԱԳԱՂՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

COVID 19-ով մահացածները փակ դագաղներու մէջ կը թաղեն ոչ այն պատճառով, որ անոնց աճիւնները կրնան վտանգ ներկայացնել ուրիշներու համար, YouTube-ով կը յայտնէ ծանօթ մանկաբոյժ եւ հաղորդավար Եւգենի Քոմարովսքին: «COVID 19-ով մահացածին յուղարկաւորութիւնը վտանգաւոր է միայն այն պատճառով, որ դագաղին շուրջ հաւաքուած հարազատները կը խախտեն ընկերային հեռաւորութիւնը: Մահացածը չի վարակեր», կ՚ըսէ բժիշկը: Անոր համաձայն, փակ դագաղը…

ԱՄԼՈՒԹԵԱՆ ԲՈՒԺՄԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀ ԿՈՒ ԳԱՆ

    Շուրջ մէկ տարի առաջ, Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է արհեստագիտական միջոցներով ամլութիւն (անպտղութիւն) բուժելու ծրագիր մը: Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր անպտղութեան հետեւանքով՝ անզաւակ մնացած զինծառայողները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները, ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ 30.01-էն աւելի անապահովութեան աստիճան ունեցող նպաստառուները, հաշմանդամութիւն ունեցողները, ինչպէս նաեւ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ աւարտէն ետք ծառայութեան…

ՊՍԱԿԱՒՈՐ ԺԱՀՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՍՆՈՒՆԴ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Պսակաւոր ժահրի բռնկումը տակնուվրայ ըրաւ ընտանիքներու բնականոն առօրեան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քանի որ դպրոցները փակ են, բազմաթիւ ծնողներ տան մէջ կ՚անցընեն ամբողջ օրը` փորձելով ներդաշնակել երեխաներուն խնամքը, անոնց առցանց աշխատանքն ու այլ` մէկը միւսէն աւելի կարեւոր պարտականութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ «ի՞նչ եփել այսօր» հարցը կրնայ մէկ այլ մարտահրաւէր դառնալ: Աւելին, խուճապային գնումներն ու սննդամթերքի…

ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՄԷԿ ՏԱՐԵԿԱՆ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Տարի մը առաջ, 26 յունուար 2020-ին, գրած էի պսակաձեւ ժահրի` Չինաստանի մէջ յայտնաբերումին եւ անոր վտանգաւոր զարգացումներուն մասին: Այդ գրութեամբ անդրադարձած էի պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան պատմականին եւ անակնկալ, արագընթաց ու վտանգաւոր համաճարակի վերածուելու հաւանականութեան: Նոյնիսկ հաստատած էի, որ մարդկութիւնը կը գտնուի առողջապահական աննախընթաց պատերազմի մը` «Երրորդ համաշխարհային պատերազմի» առջեւ: Այդպէս եղաւ եւ…

COVID19-ՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ԱՊԱՔԻՆԱԾ ԱՆՁԵՐ ՊԷ՞ՏՔ Է ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒԻՆ

Վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի տարածքին աւելի քան 115 միլիոն անձ վարակուած է պսակաձեւ ժահրով, հետեւաբար հարց կը տրուի. անոնք պէ՞տք է պատուաստուին: Երկու նոր ուսումնասիրութիւններ այս հարցին կը պատասխանեն «միանշանակ այո»-ով, եւ կը նշեն, որ այս մարդոց բաւարար է տալ պատուաստի միայն մէկ չափ՝ անոնց արեան մէջ հակամարմիններ յառաջացնելու եւ պսակաձեւ ժահրը ոչնչացնելու համար, կը…

COVID 19-Ի ՊԱՏՈՒԱՍՏՆԵՐ

ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ – ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ   Պատուաստումը ապահով եւ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է հիւանդութիւններ կանխարգիլելու եւ կեանքեր փրկելու համար: Այսօր, պատուաստներ գոյութիւն ունին մեզ պաշտպանելու բազմաթիւ հիւանդութիւններէ: Պատուաստուելով՝ կը պաշտպանենք ոչ միայն մենք մեզ, այլ՝ մեր շուրջ գտնուողները:  Պսակաձեւ ժահրի (COVID 19) համավարակի այս օրերուն, պատուաստումը կը նկատուի խիստ կարեւոր: COVID 19 ժահրը դիմագրաւելու նպատակով, աշխարհի…

Ո՞Վ ՊԷՏՔ ՉԷ ՍԵԽ ՈՒՏԷ

Սեխը օգտակար սնունդ է, սակայն ոչ ամէն մարդ կրնայ ուտել զայն, կը պնդեն կարգ մը մասնագէտներ: Օրինակ, պէտք չէ սեխ տալ մինչեւ 2 տարեկան երեխաներուն, որովհետեւ անիկա կրնայ ստամոքսի խանգարում յառաջացնել անոնց մօտ: Նաեւ, կը թելադրուի սեխ չուտել աղիքաստամոքսային հիւանդութիւններու եւ շաքարախտի պարագային: Յատուկ վտանգ կը ներկայացնեն մեծ պարունակութեամբ բորակատ (nitrate) պարունակող սեխերը, որոնք կը…

ՅՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐ (CONTRACEPTION)

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ   Յղութիւնը կանխարգիլող միջոցները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ոչ միայն խուսափելու անցանկալի յղութենէ, այլեւ ծրագրելու ապագայ երեխաներուն թիւը եւ անոնց ծնելու հաւանական ժամկէտները: Հակաբեղմնաւորիչներ չօգտագործելու հետեւանք է անբաղձալի յղութիւնը, որմէ ձերբազատելու նպատակով (ըստ UNESCO-ի տուեալներու), իւրաքանչիւր 10 վայրկեանը կին մը կը մահանայ: Յղութենէն խուսափելու նպատակով կ՚օգտագործուին, ինչպէս հակաբեղմնաւորիչ տարբեր միջոցներ, այնպէս ալ յատուկ…

ԻՆՉՊԷՍ ՏԱՐԲԵՐԵԼ ՄԵԼԱՆՈՄԱՆ ԱՌՈՂՋ ԽԱԼԷՆ

Մելանոման մորթի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակներէն է, որ կը զարգանայ, երբ մելանին արտադրող բջիջներուն մէջ ծինային խանգարումներ տեղի ունենան: Հիւանդութեան զարգացման մեզի ծանօթ հիմնական պատճառներէն է արեւու եւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութիւնը: Քաղցկեղի այս տեսակը շատ վտանգաւոր է, իսկ անոր բարեյաջող բուժման հաւանականութիւնը կախեալ է կանուխ ախտորոշումէն, սակայն հարցը կը կայանայ հոն, որ հիւանդները շատ յաճախ…

ՀԱՐՑԵՐ ԿԱՊՈՒԱԾ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ (Բ. ՄԱՍ)

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ «Զգոյշ»-ի նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ (Զ. տարի, թիւ 1, 2020) անդրադարձած էի իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած կարգ մը հարցերու՝ խոստանալով հետագային ուրիշ յօդուածով մը անպայման շարունակել զանոնք: Նախորդ յօդուածին մէջ ներկայացուած հարցերն էին՝ ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչու այս ակռաները կը կոչուին «իմաստութեան ակռաներ», ի՞նչ է իմաստութեան ակռաներուն դերը բերանին մէջ, ի՞նչ…