ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՆԱՀԱՏԵԼ ՍՐՏԱՆՕԹԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԸ

Սրտանօթային հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը վերաբերի այն պարագաներուն, որոնք կը ներառեն նեղցած կամ խցուած արեան անօթներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ սիրտի տագնապի, կուրծքի ցաւի, կամ ուղեղային կաթուածի: Ինչո՞ւ պէտք է գիտնալ վտանգի ազդակները: Այնքան աւելի շատ վտանգի ազդակներ ունենաք, այնքան աւելի հաւանականութիւն կայ, որ սրտանօթային հիւանդութիւն ունենաք, բացի եթէ առնէք անհրաժեշտ քայլերը վտանգի ազդակները փոխելու համար:…

ՆԻՀԱՐՆԱԼՈՒ ՆՊԱՍՏՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աւելորդ կշիռքէ խուսափելու կամ անիկա բնական սահմաններուն մէջ պահելու համար, մարդիկ յաճախ բաւական լուրջ ճիգ կը թափեն, մինչդեռ գերմանացի մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ կան առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կը նպաստեն հասնելու փափաքելի արդիւնքի, առանց մեծ ջանքերու: Մասնագէտներ լուսարձակի տակ կ՚առնեն 6 սովորութիւն, որ կը պաշտպանէ աւելորդ կշիռքէ: Առողջ քուն Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կը…

ԼԵԱՐԴԸ ՄԱՔՐԵԼՈՒ ԲՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

  Լեարդը մարդկային մարմինի մեծագոյն օրկանն է եւ մասնաւորաբար անոր պատշաճ աշխատանքէն կախեալ է մարդուն առողջութիւնը: Լեարդին շնորհիւ մարդկային մարմինէն դուրս կը բերուին աւելորդ թոյները, որոնք ներթափանցած կ՚ըլլան սնունդին, օդին եւ մորթին միջոցով: Լեարդը մեր օգտագործած սննդարար տարրերը կը վերածէ ջերմուժի եւ մկանային զանգուածի, ինչպէս նաեւ՝ կ՚օգնէ վիթամիններու իւրացման ու կը կարգաւորէ ճարպերու կուտակումը: Գոյութիւն…

ՏՈՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Անհաւատալի, անսպասելի էր մահուանդ լուրը բոլորին համար: Ոչ ոք հաւատաց, թիւրիմացութիւն կարծուեցաւ, մանաւանդ որ կը յաջորդէր հօրդ կորուստին` հազիւ տասը օրուան տարբերութեամբ: Տակաւին բոլորս կը յիշենք, ցաւակցութիւններու ընթացքին, երբ վիշտդ զսպելով` աշխուժ ձեւով կը պատմէիր հօրդ` Սարգիս Տեմիրճեանի վաստակին մասին իբրեւ ֆութպոլի իրաւարար, որ «Կինես»-ի մրցանիշներու մէջ յիշատակուած էր որպէս միջազգային իրաւարարներու…

ՏՈՔԹ. Մ. ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ. Ո՞Վ Է ՁԵՐ ՏԱՆ ԲԺԻՇԿԸ

  Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը եւրոպացիի մը: – Տոքթ. Ք.- պիտի պատասխանէ ան, առանց դեդեւումի: Եթէ սակայն ձեր խօսակիցը արեւելքցի մըն է, կամ ալ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ քաղաքներու բնակիչ մը, գրեթէ վստահօրէն պիտի չբաւականանայ միմիայն մէկ բժիշկ յիշելով, այլ՝ մեծ հպարտութեամբ պիտի շարէ տասնեակ մը մասնագէտներու անունները: Ուրիշ խօսքով, ձեր հարցումին պատասխանը չէք ստանար: Այդ մարդը…

ՇԱՔԱՐԻ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ Մեր կերած բոլոր ուտելիքներուն մէջէն ամենէն վնասակար ազդեցութիւնը մեր ակռաներուն վրայ ունի շաքարը: Ատամնաբոյժները միշտ կը թելադրեն, մանաւանդ փոքրիկներուն, շաքար պարունակող ուտելիքներ կարելի եղածէն չափ քիչ օգտագործել, իսկ ուտելէն անմիջապէս ետք բերանը ցօղուել, որպէսզի շաքարը չկպչի ակռաներուն ու չվնասէ անոնց: Իսկ ինչո՞ւ շաքարը աւելի վնասակար է մեր ակռաներուն, քան որեւէ ուրիշ ուտելիք:…

ԱՌԱՋԻՆ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՒԵԼԱՆՅ 80 ՏՈԿՈՍՈՎ

Առաջին ծննդաբերութենէն ետք կանանց մօտ կրծքագեղձի քաղցկեղին հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ 80 տոկոսով, եզրակացուցած են Նորթ Քարոլայնա համալսարանի գիտնականները: Հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ հիմա երեխային ծնունդը կը նկատուէր կրծքագեղձի քաղցկեղէն պաշտպանող գործոն: Գիտնականները կ՚ըսէին, որ ծննդաբերութենէն յետոյ տեղի կ՚ունենան կրծքագեղձի բջիջներու փոփոխութիւններ, որոնք յիշեալ գեղձերը նուազ խոցելի կը դարձնեն քանսերային գոյացումներու հանդէպ:  Սակայն, խորքին մէջ, տարիքի,…

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Ճիշդ է որ բժշկութեան եւ դեղագիտութեան յարաճուն զարգացումը կրցաւ նկատելիօրէն նպաստել երկարակեացներու թուային եւ տոկոսային աճին, սակայն անիկա չկրցաւ այդ տարիքի մարդոց համար ապահովել համապատասխան կեանքի որակ մը: Ոսկրային հարցերը՝ կոտրուածքներ, յօդացաւ… մէկ կողմէ, յիշողութեան եւ հոգեկան խանգարումները միւս կողմէ կը զարգանան երկարակեացներու զուգահեռ եւ կեանքը կը դարձնեն անհրապոյր: Երկարակեցութեան նպաստող բժշկութիւնը…

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ. ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Բժիշկները եւ ընկերաբանները մտահոգուած են՝ տարուէ տարի մեծնալը տեսնելով անձնասպանութիւն գործողներուն թիւին: Հոգեբանական այս աղէտին մասին կատարուած են որոշ հաստատումներ: Դիտուած է որ խաղաղութեան շրջանին, անհատական մտահոգութիւնները կը գերակշռեն՝ հաւաքական մտահոգութիւններուն վրայ. պատերազմներու ընթացքին, անձնասպանութիւններու թիւը էջքի մէջ է: Ինքնասպաններուն երեք քառորդը այրեր են ու մէկ քառորդը՝ կիներ: Ինքնասպանները աւելի հարուստ ու միջակորեար դասակարգէն են,…

ԱԼԶԱՅՄԸՐԻ ԿԱՆՈՒԽ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ԱՐԵԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱ՞ՄԲ

Հետազօտողներ վերջերս յայտարարեցին, որ իրենք կրնան ճշգրտօրէն ըսել եթէ անձ մը կը գտնուի ալզայմըրի հիւանդութիւն զարգացնելու ճամբուն վրայ՝ նախքան ախտանշաններու յայտնուիլը, ինչ որ կրնայ նպաստել փորձառական դեղերու զարգացումին: Ամերիկացի գիտնականներ կրցած են օգտագործել արեան մէջ գտնուող սպիտակուցի (protein) տարբեր մակարդակներ եւ կանխագուշակել անոր զարգացման եղանակը ուղեղին մէջ: Բրիտանացի մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ արդիւնքները խոստմնալից են եւ…