ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՒՍԱՓԻԼ ՊԱՂԱՐՈՒԹԵՆԷ

Ի՞նչ ընել, որ պաղարութիւնը չվերածուի հիւանդութեան: Կ՚առաջարկենք այս համեղ թէյերու տեսակները, որոնք ոչ միայն օգտակար են, այլ նաեւ հաճելի: ԽՆՁՈՐՈՎ, ՆԱՐԻՆՋՈՎ ՈՒ ԴԱՐՉՆՈՎ (ԿԱՍԻԱ – ԽՄԲ.) ԹԷՅ Ոչ միայն շատ համեղ ըմպելիք է, այլեւ հարուստ է կենսանիւթերով: Անհրաժեշտ է պարզապէս խնձորն ու նարինջը կտրատել, աւելացնել կիտրոնի կեղեւի քերուկ, թրմել սեւ թէյի հետ եւ մատուցել դարչնի…

ՀՕՄ-Ը ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԸ ՀԱՄԱԴՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) յայտարարեց, թէ նշանակած է Քրիստինա Մեհրանպոտը՝ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրողը, եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը՝ իբրեւ օգնական համադրող: Մեհրանպոտ եւ Թիւթիւնճեան Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ այլազան գործակալութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին: Քալիֆորնիոյ…

ՅՂԱՑՈՒՄԸ ԱՐԳԻԼՈՂ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ Անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, մարդկային երեւակայութիւնը, միացած հնարամտութեան եւ ժամանակի գիտական յառաջդիմութիւններու ընծայած հնարաւորութեանց, առիթ չէ փախցուցած փորձելու, կիրարկելու յղացումը արգիլող միջոցառումներ, որոնց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղած է, առանց վնասելու կնկան առողջութեան եւ առանց «օձիքը ձեռք տալու» վայելել կեանքի հաճոյքները: Վիժումը, միշտ ալ արգիլուած (բացի համայնավար կարգ մը երկիրներէն) կամ պետական…

ՆՈՐԱՁԵՒ (FITNESS) ԱՊԱՐԱՆՋԱՆ ՄԸ ՈՐ ԿՐՆԱՅ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉԵԼ ՀՈԳԵԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Draper ընկերութեան արհեստագէտները ստեղծած են նոր ապարանջան մը, որու միջոցով կարելի է կատարել հոգեկան հիւանդութիւններու ախտաճանաչումը: Ապարանջանը կը կոչուի SysteMD (System with Sensors to Evaluate Mental Disorders – մտային խանգարումներու ախտաճանաչման համակարգ): Fitness ապարանջանները այսօր շատ տարածուած են աշխարհի մէջ: Այս կաճէթները կրնան հետեւիլ եւ արձանագրել երակներու զարկին, քայլերու եւ այրած քալորիներու քանակը: SysteMD-ն, սակայն,…

ՔԱԼՍԻՈՒՄԸ՝ ՕՐԿԱՆԻԶՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՂԱԴՐԻՉ

Մարմնի առողջութիւնը կախեալ է նաեւ սնունդի որակէն։ Ոսկորներու առողջութեան պատասխանատուն քալսիումն է, որ կը մասնակցի օրկանիզմի կարեւորագոյն գործընթացներուն: Քալսիումի մեծ պաշարներ կան կաթի, պանիրի, մածունի, ընկուզեղէնի, ձկան, սերմերու եւ ընդեղէններու, հացահատիկներու, նուշի, կանաչ ոլոռնի, նարնջի հիւթին մէջ: Դուք քալսիումի պակաս ունիք, եթէ ձեր մկանները կը ցաւին: Նախանշաններ են նաեւ արեան բարձր ճնշումը, նախադաշտանային ցաւերը, օսթէոփորոզը,…

ԱՐԺԱՆԻ ՅԱՐԳԱՆՔ ԲԱԶՄԱՀԱՐԻՒՐ ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ «ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է ԼՕԽ-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը…

ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Գոյութիւն ունեցող քաղաքակրթութիւններու հսկայական տարբերութիւնները երկընտրանքի առջեւ կը կանգնեցնեն սեռային դաստիարակութեան հարցը: Եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող օրիորդը կ’ապրի իր բնական կեանքով, սեռային յարաբերութիւն մշակելով 15 տարեկանէն սկսեալ, որ բարոյականօրէն ընդունուած է «քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ, նոյնիսկ ծագումով արեւելքցի ծնողներու կողմէ: Արեւելքի մէջ այս երեւոյթը, անկախ զարգացման մակարդակէ, ծնողքի եւ…

ՄԱՔՐՈՊԻՈԹԻՔ ԱՌՏՆԻՆ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐ (Home Remedies)

ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Մաքրոպիոթիք ակնոցով՝ ուտելիքն է հիւանդութիւններու գլխաւոր պատճառը. նոյն տրամաբանութեամբ՝ ուտելիքներու մէջ կը կայանայ նաեւ անոնց դարմանն ու բուժումը: Մաքրոպիոթիք դեղամիջոցները կը մեկնին «Եին-Եանկ»ի հաւասարակշռութեան սկզբունքէն եւ կը հիմնուին տիեզերական ընդհանուր համակարգի օրինաչա-փութեան հասկացողութեան վրայ: Այդ ի-մաստով, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, Մաքրոպիթիքը կը դիմէ բնական (ոչ-քիմիական) կամ ճարտարարուեստական ուտելիքներու՝ ըստ պարագայի նկատի ունենալով իւրաքանչիւր անհատի…

ՄՈՒԹԸ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ժամանակին՝ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, գիշերները իսկապէս մութ եղած են: Իսկ մութ կը նշանակէր խաւար: Հակառակ որ արեւը դեռ եւս կը շարունակէ մար մտնել ամէն իրիկուն, բայց եւ այնպէս, այսօրուան դրութեամբ, մութ գիշեր գոյութիւն չունի այլեւս, որովհետեւ ենթակայ ենք արհեստական լուսաւորման, եւ ասիկա կրնայ որոշ առողջական խնդիրներ յառաջացնել: Ելետրական լոյսի ներմուծումէն…

ԿԱՄԱՒՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ – ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Հայկական շատ մը բառարաններու մէջ կամաւոր բառը հետեւեալ ձեւով սահմանուած եւ բացատրուած է.- «Ինչ որ լինում է իւր կամքով, առանց ստիպմունքի, յօժարակամ, ազատ, անձնիշխան», «Նա, որ առանց սպասելու զինուորակոչի վիճակահանութեան` ինքնաբերաբար գնում է զինուորական ծառայութիւն կատարելու…», «ինքնամատոյց», «յօժարակամ», «ինքնաբուխ», «դիտումնա-ւոր»: Կամաւոր աշխատանքը կը մարմնաւորէ բարոյականութիւն եւ առաքինութիւն: Անոր ընդմէջէն…