ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ ՄԻՆՉԵՒ ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

ՈՍԿԱՆ ԱԲԵՂԱՅ ԳԱԼՓԱԿԵԱՆ Մեր մատենագրութեան մէջ, հայ բժիշկներու մասին բաւական քիչ տեղեկութիւններ կան, սակայն Հայաստանի նման բարձր մշակոյթ ունեցող երկիրի մը համար, անկասկած պէտք էր ըլլային նաեւ մասնագէտ բժիշկներ: Հայ բժիշկի մը մասին առաջին անգամ կը խօսին ասորի նեստորական պատմիչները: Արձանագրելով 612-613 թուականներուն Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած նեստորականներու եւ միաբնակներու միջեւ պատահած վիճաբանութեան պատմութիւնը, անոնք…

ՀԱԿԱՌԱԿ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԸ ԱՃ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է 2018-ԻՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ 2018 թուականը Լիբանանի տնտեսութեան համար եղաւ դժուարին տարի մը: Շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական տագնապը եւ տնտեսական անորոշութիւնները աւելցուցին ճնշումը Լիբանանի ապահովագրութեան մարզին վրայ: Ազգային տնտեսութեան տարբեր մարզերուն լճացումը իր անդրադարձը ունեցաւ լիբանանեան ապահովագիներու (premiums) դանդաղ աճին եւ շահոյթներու չափին վրայ: Այս տեղեկագիրը որ պատրաստուած է BLOM դրամատան կողմէ, կը քննարկէ Լիբանանի ապահովագրական մարզը…

ԼԱՅՆԵՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (Varice) ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է. ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՄԱՆԵԼ

ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ Լայներակութիւնը, այրերու թէ կիներու մօտ, գրեթէ հաւասար տոկոսով տարածուած սեւերակներու հիւանդութիւն մըն է. սակայն միշտ ալ կիներն են որ կը դիմեն բժիշկին՝ դարմանուելու, առ հասարակ գեղեցկագիտական նկատարումներէ տարուած: Մինչդեո երկու սեռերուն մօտ ալ նոյնն են հիւանդութեան պատճառած ցաւը, աշխատանքի արգելքն ու բարդութիւնները: Ընդհանուր ձեւով, լայներակութիւնը արդիւնք է սեւերակներու այլակերպումին. այսինքն երակը տեղ-տեղ…

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ԾԽԱԽՈՏԸ (e-cigarettes) ՆՈՅՆՔԱՆ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է

ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Ելեկտրական ծխախոտներըը ծանօթ են նաեւ ե-ծխախոտ անուան տակ, նախատեսուած են փոխանցելու նիքոթին, համ եւ այլ նիւթեր՝ շոգիի տեսքով՝ ընդօրինակելով սովորական ծխախոտը: Սորվորաբար կազմուած են ելեկտրական բարդով (battery) եւ փոխարինուող խցիկով (cartridgeով), որ կրնայ պարունակել նիքոթին կամ քիմիական այլ նիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ ցանցրիչով, որ տաքնալէ ետք քարթրիճին պարունակութիւնը կը վերածէ շոգիի: Այդ շոգին կը…

ԱՐՏԱՔԻՆ ԱԿԱՆՋԻ ԸՆԴՈԾԻՆ ՏՁԵՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները, համաձայն իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ: Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար հարկ է որ հասկնանք անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին, սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՚ունենայ ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը փուլային է: Ան կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան…

ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄԸ՝ ՊԱՏՈՒՀԱ՞Ս ԿԱՄ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ամուսնութիւնը որքան պարտադրող եւ հաճելի է այր մարդու եւ կնոջ կեանքի ընթացքին, նոյնքան պատասխանատու եւ անհաճոյ է ամուսնալուծումը: Ամուսնալուծման պատճառները բազմաթիւ են. ամլութիւնը, ամուսնական պարտականութիւններէ հրաժարիլը, անհաւատարմութիւնը, զոյգերէն մէկուն հիւանդութիւնը եւ վերջապէս ընտանիք կազմելու եւ պատասխանատուութիւններ կրելու զոյգերու անպատրաստ ըլլալը: Ժամանակակից երիտասարդները աւելի թեթեւամտութեամբ կը մօտենան ամուսնալուծման հարցին եւ ցաւօք միշտ…

ԻՆՉ ՏԵՍԱԿ ՀԱՑ ՈՒՏԵԼ

ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՓՐՈՖ. ՄԱՐՍԷԼ ԼԱՊՊԷ Հացը ամէն մարդու կողմէ գնահատուած սնունդ մըն է եւ բազմաթիւ ժողովուրդներու սնունդին կէսը կը կազմէ: Այնքան որ շատ ճիշդ է ժողովրդական խօսքը որ կ՚ըսէ. «Կեանքը հացի պայքար մըն է»: Արդարեւ, հացը կ՚ուտենք ամէն կերակուրի հետ, ահա թէ ինչու շատ է հացին սպառումը: Գերմանացիները հացի սպառումին մէկ մասը կը փոխարինեն գետնախնձորով:…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՒՍԱՓԻԼ ՊԱՂԱՐՈՒԹԵՆԷ

Ի՞նչ ընել, որ պաղարութիւնը չվերածուի հիւանդութեան: Կ՚առաջարկենք այս համեղ թէյերու տեսակները, որոնք ոչ միայն օգտակար են, այլ նաեւ հաճելի: ԽՆՁՈՐՈՎ, ՆԱՐԻՆՋՈՎ ՈՒ ԴԱՐՉՆՈՎ (ԿԱՍԻԱ – ԽՄԲ.) ԹԷՅ Ոչ միայն շատ համեղ ըմպելիք է, այլեւ հարուստ է կենսանիւթերով: Անհրաժեշտ է պարզապէս խնձորն ու նարինջը կտրատել, աւելացնել կիտրոնի կեղեւի քերուկ, թրմել սեւ թէյի հետ եւ մատուցել դարչնի…

ՀՕՄ-Ը ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԸ ՀԱՄԱԴՐՈՂՆԵՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) յայտարարեց, թէ նշանակած է Քրիստինա Մեհրանպոտը՝ իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրողը, եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը՝ իբրեւ օգնական համադրող: Մեհրանպոտ եւ Թիւթիւնճեան Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ այլազան գործակալութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին: Քալիֆորնիոյ…

ՅՂԱՑՈՒՄԸ ԱՐԳԻԼՈՂ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ Անցեալ դարերէն մինչեւ այսօր, մարդկային երեւակայութիւնը, միացած հնարամտութեան եւ ժամանակի գիտական յառաջդիմութիւններու ընծայած հնարաւորութեանց, առիթ չէ փախցուցած փորձելու, կիրարկելու յղացումը արգիլող միջոցառումներ, որոնց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղած է, առանց վնասելու կնկան առողջութեան եւ առանց «օձիքը ձեռք տալու» վայելել կեանքի հաճոյքները: Վիժումը, միշտ ալ արգիլուած (բացի համայնավար կարգ մը երկիրներէն) կամ պետական…