ՏՈՔԹ. Մ. ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ. Ո՞Վ Է ՁԵՐ ՏԱՆ ԲԺԻՇԿԸ

  Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը եւրոպացիի մը: – Տոքթ. Ք.- պիտի պատասխանէ ան, առանց դեդեւումի: Եթէ սակայն ձեր խօսակիցը արեւելքցի մըն է, կամ ալ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ քաղաքներու բնակիչ մը, գրեթէ վստահօրէն պիտի չբաւականանայ միմիայն մէկ բժիշկ յիշելով, այլ՝ մեծ հպարտութեամբ պիտի շարէ տասնեակ մը մասնագէտներու անունները: Ուրիշ խօսքով, ձեր հարցումին պատասխանը չէք ստանար: Այդ մարդը…

ՇԱՔԱՐԻ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ Մեր կերած բոլոր ուտելիքներուն մէջէն ամենէն վնասակար ազդեցութիւնը մեր ակռաներուն վրայ ունի շաքարը: Ատամնաբոյժները միշտ կը թելադրեն, մանաւանդ փոքրիկներուն, շաքար պարունակող ուտելիքներ կարելի եղածէն չափ քիչ օգտագործել, իսկ ուտելէն անմիջապէս ետք բերանը ցօղուել, որպէսզի շաքարը չկպչի ակռաներուն ու չվնասէ անոնց: Իսկ ինչո՞ւ շաքարը աւելի վնասակար է մեր ակռաներուն, քան որեւէ ուրիշ ուտելիք:…

ԱՌԱՋԻՆ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԿՐԾՔԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՒԵԼԱՆՅ 80 ՏՈԿՈՍՈՎ

Առաջին ծննդաբերութենէն ետք կանանց մօտ կրծքագեղձի քաղցկեղին հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ 80 տոկոսով, եզրակացուցած են Նորթ Քարոլայնա համալսարանի գիտնականները: Հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ հիմա երեխային ծնունդը կը նկատուէր կրծքագեղձի քաղցկեղէն պաշտպանող գործոն: Գիտնականները կ՚ըսէին, որ ծննդաբերութենէն յետոյ տեղի կ՚ունենան կրծքագեղձի բջիջներու փոփոխութիւններ, որոնք յիշեալ գեղձերը նուազ խոցելի կը դարձնեն քանսերային գոյացումներու հանդէպ:  Սակայն, խորքին մէջ, տարիքի,…

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Ճիշդ է որ բժշկութեան եւ դեղագիտութեան յարաճուն զարգացումը կրցաւ նկատելիօրէն նպաստել երկարակեացներու թուային եւ տոկոսային աճին, սակայն անիկա չկրցաւ այդ տարիքի մարդոց համար ապահովել համապատասխան կեանքի որակ մը: Ոսկրային հարցերը՝ կոտրուածքներ, յօդացաւ… մէկ կողմէ, յիշողութեան եւ հոգեկան խանգարումները միւս կողմէ կը զարգանան երկարակեացներու զուգահեռ եւ կեանքը կը դարձնեն անհրապոյր: Երկարակեցութեան նպաստող բժշկութիւնը…

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ. ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Բժիշկները եւ ընկերաբանները մտահոգուած են՝ տարուէ տարի մեծնալը տեսնելով անձնասպանութիւն գործողներուն թիւին: Հոգեբանական այս աղէտին մասին կատարուած են որոշ հաստատումներ: Դիտուած է որ խաղաղութեան շրջանին, անհատական մտահոգութիւնները կը գերակշռեն՝ հաւաքական մտահոգութիւններուն վրայ. պատերազմներու ընթացքին, անձնասպանութիւններու թիւը էջքի մէջ է: Ինքնասպաններուն երեք քառորդը այրեր են ու մէկ քառորդը՝ կիներ: Ինքնասպանները աւելի հարուստ ու միջակորեար դասակարգէն են,…

ԱԼԶԱՅՄԸՐԻ ԿԱՆՈՒԽ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ ԱՐԵԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱ՞ՄԲ

Հետազօտողներ վերջերս յայտարարեցին, որ իրենք կրնան ճշգրտօրէն ըսել եթէ անձ մը կը գտնուի ալզայմըրի հիւանդութիւն զարգացնելու ճամբուն վրայ՝ նախքան ախտանշաններու յայտնուիլը, ինչ որ կրնայ նպաստել փորձառական դեղերու զարգացումին: Ամերիկացի գիտնականներ կրցած են օգտագործել արեան մէջ գտնուող սպիտակուցի (protein) տարբեր մակարդակներ եւ կանխագուշակել անոր զարգացման եղանակը ուղեղին մէջ: Բրիտանացի մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ արդիւնքները խոստմնալից են եւ…

ՆԻՀԱՐՆԱԼՈՒ ՆՊԱՍՏՈՂ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աւելորդ կշիռքէ խուսափելու կամ անիկա բնական սահմաններուն մէջ պահելու համար, մարդիկ յաճախ բաւական լուրջ ճիգ կը թափեն, մինչդեռ գերմանացի մասնագէտներ կը վստահեցնեն, որ կան առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կը նպաստեն հասնելու փափաքելի արդիւնքի, առանց մեծ ջանքերու: Մասնագէտներ լուսարձակի տակ կ՚առնեն 6 սովորութիւն, որ կը պաշտպանէ աւելորդ կշիռքէ: Առողջ քուն Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կը…

ՈՒՌԵՐՈՒ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ ՕԳՏԱԿԱՐ ԲԱՅՑ ՈՉ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ

ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ 50 տարի առաջ, կարելի չէր դիւրութեամբ ուռի մը ախտաճանաչումը կատարել: Ուռերուն մեծ մասը ազդարարներ չունէին եւ նոյնիսկ քաղցկեղի բնախօսութիւնը այդքան ծանօթ չէր: Բժշկութեան մարզին մէջ կատարուած զարգացումները միաժամանակ նպաստած են ախտաճանաչման գիտելիքներու զարգացման: Հիմա կրնանք կատարել արեան հերթական քննութիւններ՝ վերահսկելու, ախտաճանաչումը կատարելու, հետեւելու կանխատեսումին եւ նոյնիսկ որոշ քաղցկեղներու պարագային՝ օգտակար դառնալու բուժման:…

ՍՏԱՄՈՔՍԻ ԽՈՑԸ (ULCER) ՏԱՍԸ ՀԱՐՑՈՒՄՈՎ

ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ 1-        Ի՞նչ է ստամոքսի խոցը: 2-        Որո՞նք են ստամոքսի խոց յառաջացնող պատճառները: 3-        Ի՞նչ ախտանշաններ ունի ստամոքսի խոցը: 4-        Ե՞րբ արդէն պէտք է խորհրդակցիլ բժիշկին հետ: 5-        Որո՞նք են ստամոքսի խոցը ծանրացնող գործօնները: 6-        Ինչպէ՞ս ախտորոշել ստամոքսի խոցը: 7-        Ինչպէ՞ս բուժել ստամոքսի խոցը: 8-        Ե՞րբ կարիքը կը ստեղծուի գործողութեան: 9-        Որո՞նք են…

ՎԱՏ ՇՆՉԱՀՈՏԻ (Halitosis) ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ

ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ           Վատ շնչահոտը շատ տարածուած երեւոյթ մըն է, որմէ կրնայ տառապիլ գրեթէ ամէն մարդ: Այս երեւոյթը կը մտահոգէ շատերը եւ յաճախ կը հասնի այնպիսի աստիճաններու, որ հոգեկան խնդիրներու, ընկերային հարցերու, նոյնիսկ ընտանեկան եւ ամուսնական հարցերու պատճառ կը դառնայ: Վատ շնչահոտը տարբեր պատճառներ ունի, սակայն բարեբախտաբար եթէ ճշգրիտ ախտաճանաչումը…